Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Մակեդոնիա կատարելիք  առաքելական ճամբորդութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Մակեդոնիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը 

«Վատիկան Նիուզը» կը հարստանայ նոր լեզուով մը՝ Մակեդոներէն։

Վատիկան Նիուզի կայքէջի 33 լեզուներուն հետ միասին 8 ապրիլ 2019-էն սկսեալ սկսաւ գործել Մակեդոներէնով էջը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ յառաջիկայ 7 մայիսին նախատեսուած Հիւսիսային Մակեդոնիայի հանրապետութիւն կատարելիք առաքելական այցելութենէն մէկ ամիս առաջ, Վատիկան Նիուզի լրատուական կայքը հարստացաւ մէկ այլ լեզուի էջով՝  Մակեդոներէնը։

Ունկնդրէ լուրը

Շրջապատուած Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Քոսովոյի եւ Ալպանիայի հանրապետութիւններով Հիւսիսային Մակեդոնիայի հանրապետութիւնը ու այնտեղ ապրող 20 հազար կաթողիկէ հաւատացեալները՝  8 ապրիլ 2019-ին սկսեալ  հնարաւորութիւնը կ՛ունենան Մակեդոներէն լեզուով հետեւիլ Քահանայապետին, Վատիկանի ու Եկեղեցւոյ հայող լուրերուն։

Սոյն ծրագրի իրականացումը  կարելի եղաւ շնորհիւ Մակեդոնիայի Եկեղեցւոյ համագործակցութեան ու նոր ծրագիրի մեկնարկի առթիւ Սքոփիէյի եպիսկոպոսը նշեց թէ այս մէկը կարելի է նկատել Ֆրանչիսկոս Պապին Մակեդոնիա կատարելիք այցելութեան առաջին պտուղը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2019, 12:35