«Աստուած քեզ կը սիրէ, նոյնիսկ եթէ կը մոռնաս Զինք»։ «Աստուած քեզ կը սիրէ, նոյնիսկ եթէ կը մոռնաս Զինք»։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 29 ապրիլի թուիթը. «Աստուած քեզ կը սիրէ, նոյնիսկ եթէ կը մոռնաս Զինք»։

«Աստուած քեզ կը փնտռէ նոյնիսկ եթէ դուն Զինք չես փնտռեր»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 29 ապրիլ 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ, Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ հաստատեց թէ Աստուած հակառակ մեր վարուելակերպին միշտ հաւատարիմ կը մնայ իր ուխտին ու մեզ կը սիրէ, մեզ կը փնտռէ ու միշտ պատրաստ է մեզ ընկալելու՝ հակառակ որ մենք շատ անգամ կը մոռնանք Զինք

«Աստուած քեզ կը փնտռէ նոյնիսկ եթէ դուն Զինք չես փնտռեր։ Աստուած քեզ կը սիրէ, նոյնիսկ եթէ կը մոռնաս Զինք։ Աստուած քու մէջդ կը նկատէ գեղեցկութիւնը՝ նոյնիսկ եթէ դուն կը կարծես թէ անիրաւ կերպով մսխեցիր բոլոր քու տաղանդներդ» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2019, 13:30