Որոնել

Մարտիրոսները՝ վկաները կեանքի Մարտիրոսները՝ վկաները կեանքի 

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 ապրիլի թուիթը. «Մարտիրոսները կը վկայեն թէ անարդարութիւնը վերջին խօսքը չունի»։

«Ամէն ժամանակներու մարտիրոսները՝ իրենց Քրիստոսի հաւատարմութեամբ կը պատմեն թէ անարդարութիւնը չունի վերջին խօսքը. Յարուցեալ Տիրոջ մէջ մենք կարող ենք շարունակել յուսալ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր 24 ապրիլն է՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի յիշատակին նուիրուած օր։ 104 տարիներ անցած են այդ մարդկութեան դէմ ոճիրի՝ Ի դարու առաջին ցեղասպանութիւն որակուած տմակարդային արարքէն ու աշխարհ ի սփիւռս հայորդիներն ու անոնց բարեկամները կը շարունակեն յիշել եւ յիշատակել 24 ապրիլը՝ որպէս ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման յանձնառում, արդարութեան եւ ճշմարտութեան պահանջ, եկող սերունդներուն  համար ազդակ, եւ որպէս մեր բիւրաւոր  մարտիրոս նահատակներու անմար յիշատակի յիշողութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

Մինչ 24 ապրիլի առթիւ ամենուրէք կը կատարուին յիշատակի արարողութիւններ, պատարագներ, աղօթքներ ու ձեռնարկներ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 24 ապրիլ 2019ին հրապարակած թուիթը նուիրեց մարտիրոսներուն։

«Ամէն ժամանակներու մարտիրոսները՝ իրենց Քրիստոսի հաւատարմութեամբ կը պատմեն թէ անարդարութիւնը չունի վերջին խօսքը. Յարուցեալ Տիրոջ մէջ մենք կարող ենք շարունակել յուսալ» գրեց Նորին Սրբութիւնը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին վերագրելով այդ յոյսը՝ յոյս մը որ վստահ է թէ բարին միշտ յաղթական է ու թէ Քրիստոս եկաւ աշխարհը փրկելու չարէն ու Իրեն հաւատացողներուն պարգեւելու յաւիտենական կեանքը։

Յարգանք հայոց նահատակներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2019, 13:30