Որոնել

A statue of Saint John is removed from the spire of Notre Dame cathedral by a crane before restoration work, in Paris A statue of Saint John is removed from the spire of Notre Dame cathedral by a crane before restoration work, in Paris 

«Միանանք Ֆրանսայի ժողովուրդին ի նպաստ աղօթքին մէջ». Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց աղօթել Նոթր Տամ տաճարի համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր աղօթքով կը միանանք Ֆրանսացի ժողովուրդին հետ, մինչ կը սպասենք՝ որ ծանր կորուստի ցաւը, վերակառուցումի միջոցաւ, փոխակերպուի յոյսի։ Սուրբ Կոյս Մարիամ, Մեր Տիրուհին, Աղօթէ մեզի համար» #NotreDame։

Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 16 Ապրիլ 2019-ին հրապարակած թուիթը ի լուր Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ բռնկուած հրդեհին որ ծանր վնասներ պատճառեց 12-րդ դարու կառուցուած այդ հնադարեան եկեղեցւոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2019, 13:30