Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քոյր Պոնեթթի. ճանապարհ խաչի խորհրդածութիւնները.մարդավաճառութեան զոհերու տառապանքը:

«Այս մարդոց խաչը ծանր է : Մենք կ՝ուզենք միանանալ ու զօրակցիլ անոնց, քայքայելու համար շահագործումի կապանքին օղակները :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 18 ապրիլ՝ 2019-ին, Հռոմի «Քոլոսէօ» ամփիթատրոնին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ, Աւագ ուրբաթ օրուան Ճանապարհ խաչի արարողութեան, որուն այս տարուան խորհրդածութիւնները պատրաստեց մարդավաճառութեան դէմ պայքար մղող « Slaves no more» ընկերակցութեան նախագահ՝ Քոյր էուճենիա Պոնեթթին:

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Քոյր Պոնեթթի անդրադարձաւ իր կողմէ պատրաստուած ճանապարհ խաչի արարողութեան խորհրդածութիւններուն նիւթի :
Ան նախ եւ առաջ, նկատել տուաւ որ ճանապարհ խաչի խորհրդածութիւններուն պատրաստութիւնը, մեծ առիթ է, ոչ թէ իր անձին համար, այլ բոլոր այն մարդոց համար որոնք թիրախ են մարդավաճառութեան ողբերգական աղէտին :

Քոյր Էուճենիա յայտնեց , թէ իր պատրաստած խորհրդածութիւններուն ընդմէջէն կ՝ուզէ ի յայտ դնել մարդավաճառութեան հարցը՝ մարդոց հասկցնելու համար, թէ ինչքան ցաւ կը պատճառեն իրենց անտարբերութեան պատճառաւ, մարդիկ որոնք անկարող դարձած են, հարցերուն ետին անձերը տեսնելու:

Քոյր Պոնեթթին, որ 24 տարի Ափրիկէի մէջ ապրած է, նկատել տուաւ, որ ամենէն ծանր ու նուաստացուցիչ փորձառութիւնը ապրած է իր երկրին մէջ՝ Իտալիա, զայն համարելով քրիստոնեայ, կաթողիկէ երկիր, սակայն լի մարդկային մեծ թերութիւններով եւ ունի իբրեւ նպատակ լոկ՝ բարգաւաճումի ու հեղինակութեան հետապնդումը, առանց հաշուի առնելու, որ այս իրողութիւնները՝ սիրտերը դատարկող իրողութիւններ են: ըսաւ մայրապետը աւելցնելով սիրտ մը պէտք է լիացած ըլլայ ողորմածութեամբ – եւ կարող ՝ ուրիշին տառապանքները տեսնելու :
Քոյր Էուճէնիա հարցազրոյցի աւարտին յայտնեց թէ ճանապարհ խաչի խորհրդածութիւններուն մէջ պիտի նշէ աւելի լաւ ապագայ դիմելու իրենց երկիրները լքած, բոլոր այն մարդոց անհետացած երազները, որոնք փոխան աւելի լաւ ապագայի, թիրախ դարձան մարդավաճառութեան արարքին եւ ենթարկուեցան շահագործողներուն լուծին: «Այս մարդոց խաչը ծանր է : Մենք կ՝ուզենք միանանալ ու զօրակցիլ անոնց, քայքայելու համար շահագործումի կապանքին օղակները:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2019, 12:16