Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Հռոմի մէջ գիտաժողով կրօնական ազատութեան խախտումներու մասին:

Գիտաժողովին նպատակն է թիկունք կանգնիլ խտրականութեան եւ հալածանքի թիրախ բոլոր քրիստոնեաներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 3 ապրիլ 2019-ին, նախաձեռնութեամբ Միացեալ Նահանգներու Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանատան, Հռոմի մէջ գումարուեցաւ աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան խախտումներու մասին վեհաժողով, մասնակցութեամբ, դիւանագիտական, եկեղեցական, ակադեմիական, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն, որոնց շարքին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոին, եւ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովի կառավարիչ՝ Փաուլօ Ռուֆինի: Գիտաժողովին նպատակն է թիկունք կանգնիլ խտրականութեան եւ հալածանքի թիրախ բոլոր քրիստոնեաներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղարը իր ունեցած ելոյթին մէջ դիտել տուաւ որ կրօնական ազատութեան խախտումները յարուած մըն են նոյնինքն մարդկային հիմնական իրաւունքներուն, որոնք հրամայական են մարդկային անձին եւ ընկերութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ ազգերու միջեւ խաղաղ համակեցութեան: Ան նշեց, թէ հակառակ ի գործ դրուած բազմաթիւ ջանքերուն, տակաւին կրօնական ազատութեան խախտումները կը շարունակուին եւ անոնք յաճախ անպատիժ կը մնան ու թաքնուած լրատուամիջոցներու կողմէ:

Ծիրանաւորը անհրաժեշտ նկատեց , որ ընկերային հաղորդամիջոցները ու լրատուամիջոցները, պէտք են լուսարձակի տակ առնեն, մարդկային ընտանիքի բարիքի հանդէպ սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ կրօնական ազատութեան ծանր խախտումները:
Ան անդրադառնալով կրօնական ազատութեան, նշեց, թէ անիկա մարդուն՝ դուրսէն կամ պետութենէ մը տրուած բան մը չէ, այլ Աստուծոյ կողմէ շնորհուած պարգեւ մըն է, որուն քաղաքացիական իշխանութիւնները կանչուած են պահպանելու եւ պաշտպանելու զայն իբրեւ պահապաններ եւ ոչ թէ հեղինակներ :

Կարինալ Փարոլին եզրափակեց իր ելոյթը վերահաստատելով Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը կրօնական ազատութեան խթանման, նկատելով զայն-հիմնական իրաւունք,   որ սերտօրէն զօդուած է խիղճի եւ մարդկային անձին պաշտպանութեան հետ: Ան ապա քաջալերեց ամէն միջոց օգտագործելու, նպաստելու համար ժողովուրդներու, ազգերու եւ կրօններու միջեւ գործարկութեան եւ փոխադարձ յարգանքի գործընթացին, կառուցելու համար ընկերաքաղաքական միջավայր մը, ուր կը յարգուի անհատի խիղճի ազատութիւնը:

Մինչ՝ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան ժողովի կառավարիչը Փաուլօ Ռուֆինին իր ունեցած ելոյթին մէջ անդրադարձաւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն դէմ գործադրուած ոճիրներու նկատմամբ, լրատուամիջոցներուն պատասխանատուութեան:
Ան յիշեց ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը՝ «մեր ժամանակներուն, իրենց հաւատքին համար սպաննուած քրիստոնեաներուն թիւը աւելի բարձր է քան առաջին դարերու նահատակներուն թիւը, որուն մասին քիչ տեղեկատուութիւն կայ :
Փաուլօ Ռուֆինի ընդգծեց թէ կարելի չէ ծառայել ճշմարտութեան՝ ապատեղեկատուութեամբ , որ կը կայանայ լուռ մնալուն մէջ կամ ճշմարտութեան կէսը ըսելու մէջ, դիտել տալով որ սխալ հաղորդակցութեան միջոցաւ կը նպաստենք « ցեղեր կառուցելու եւ ոչ թէ հասարակութիւնները, ցեղեր՝ հիմնուած ուրիշը բացառելու եւ ատելու վրայ :

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2019, 10:06