Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոսնիա–հերցեկովինայի նախագահը:

Հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկու պետութիւններու միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւններուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 26 ապրիլ 2019-ին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոսնիա - հերցեկովինայի դասակցային նախագահութեան ներկայի պաշտօնատարը Տիար Միլորատ Տոտիքը: Նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլինին հետ, ընկերակցութեամբ այլ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի ենթաքարտուղար՝ գերապայծառ Անթուան Քամիլլերիին: Սուրբ Աթոռին մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է որ յիշեալ հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է երկու պետութիւններու միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ , Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի մէջ կաթողիկէ հասարակութեան ներկայ իրավիճակին: Քննարկուած է Պոսնիան եւ Հերցեկովինան յուզող քաղաքական, տնտեսական, ընկերային հարցեր: Ընդգծուած է ժողովուրդներուն միջեւ հաւասարութեան եւ համերաշխութեան ինչպէս նաեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ խաղաղութեան կերտման ի խնդիր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2019, 14:38