Յարուցեալ Յիսուսը Յարուցեալ Յիսուսը 

Ֆրանչիսկոս Պապին 25 ապրիլի թուիթը . Քրիստոսի Յարութիւնը մեր յոյսին յարութիւնն է:

Յիսուսի յարութեամբ քաջ գիտենք որ այս աշխարհին մէջ մինակ չենք:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 25 ապրիլին, քահանայապետական թուիթըրի կայքին վրայ կատարած գրառումին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ դիտել կու տայ, որ Յարուցեալ Քրիստոսի հետ յարութիւն կ՝առնէ նաեւ մեր յոյսը՝ այժմէական հարցերը դիմագրաւել կարենալու համար եւ քաջ գիտնալով որ Յիսուսի Յարութեամբ այս աշխարհին մէջ մինակ չենք:

«Քրիստոս յարեաւ ու Անոր հետ յարութիւն կ՝առնէ մեր ստեղծագործական յոյսը ՝դիմագրաւելու համար այժմէական հարցերը , որովհետեւ քաջ գիտենք որ մինակ չենք:»  
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2019, 13:30