Յիսուս Խաչին վրայ Յիսուս Խաչին վրայ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 15 ապրիլի թուիթը՝ Աւագ շաբթուան համար փոքրիկ խոկում:

Յիսուս ինքզինք նուիրեց մեզ փրկելու համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 15 ապրիլին,  ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Յիսուսի անհուն սիրոյ, որ ինքզինք մինչեւ ծայր տուաւ մեզ փրկելու համար: Սրբազան Հայրը Յիսուսի խաչելութիւնը նկատեց թանկարժէք նշաններէն մին, բարեկամի մը որ պատրաստ է մինչեւ յետին հասնելու:

«Քրիստոս սիրոյ համար՝ մինչեւ ծայր ինքզինք տուաւ քեզ փրկելու համար: Անոր խաչին վրայ բազկատարած բազուկները, ամենէն թանկարժէք նշանն է բարեկամի մը՝ կարող մինչեւ յետին հասնելու:» #SettimanaSanta
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2019, 13:30