Ֆրանչիսկոս Պապին 15 ապրիլի թուիթը՝ Աւագ շաբթուան համար փոքրիկ խոկում:
Յիսուս ինքզինք նուիրեց մեզ փրկելու համար:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 15 ապրիլին, ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Յիսուսի անհուն սիրոյ, որ ինքզինք մինչեւ ծայր տուաւ մեզ փրկելու համար: Սրբազան Հայրը Յիսուսի խաչելութիւնը նկատեց թանկարժէք նշաններէն մին, բարեկամի մը որ պատրաստ է մինչեւ յետին հասնելու:
«Քրիստոս սիրոյ համար՝ մինչեւ ծայր ինքզինք տուաւ քեզ փրկելու համար: Անոր խաչին վրայ բազկատարած բազուկները, ամենէն թանկարժէք նշանն է բարեկամի մը՝ կարող մինչեւ յետին հասնելու:» #SettimanaSanta
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
15/04/2019, 13:30