Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 12 ապրիլի թուիթը: Քառասնորդաց շրջանի փոքրիկ խոկում:

Ծոմ պահել կը նշանակէ նաեւ մեր կեցուածքը փոխել ուրիշներուն հանդէպ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քառասնորդաց պահեցողութեան շրջանին, Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետական թուիթըրի կայքին վրայ հրապարակած բոլոր թուիթները հրաւէր հանդիսացան ՝ ծոմ պահելու , աղօթելու ինչպէս նաեւ դարձի գալու:

Ուրբաթ, 12 ապրիլին հրապարակած թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ ծոմ պահելը համազօր է մեր կեցուածքը ուրիշներուն եւ արարչագործութեան հանդէպ փոխելու:

Ան գրեց թէ «Ծոմ պահելը է նաեւ մեր կեցուածքը փոխել՝ ուրիշներուն եւ արարչագործութեան նկատմամբ. մեր որկրամոլութիւնը յագեցնելու նպատակաւ, ամէն ինչ լափելու փորձութիւնը փոխենք եւ զայն վերածենք տառապելու կարողութեան՝ սիրոյ համար:»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2019, 13:30