Նեփալի մէջ փոթորիկի հետեւանքները Նեփալի մէջ փոթորիկի հետեւանքները 

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը Նեփալի ժողովուրդին։

«Նորին Սրբութիւնը համայն Նեփալի ժողովուրդին վրայ կը հայցէ մխիթարութեան, քաջութեան ու ապաքինումի աստուածային օրհնութիւններ »

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի լուր Նեփալի հարաւը հարուածող փոթորիկին պատճառած վնասներուն ու մարդկային կորուստներուն, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝  Կարդինալ Փիերթօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անունով ցաւակցագիր մը յղեց Նեփալի Առաքելական Փոխանորդին ու Քաղաքացիական իշխանութիւններուն,  որուն մէջ յայտնեց Նորին Սրբութեան զօրակցութիւնը՝ բոլոր անոնց որոնք թիրախ եղան այդ աղէտին,  ապահովեցնելով նաեւ Սրբազան Պապին աղօթքները աղէտի զոհերու ընտանեկան պարագաներուն։

«Սրբազան Քահանայապետը  յատուկ կերպով կ՛աղօթէ զոհերուն համար եւ կը քաջալերէ շտապ օգնութեամբ զբաղող անձնակազմը՝ շարունակելու իրենց օգնութիւնը  մատակարարել կարիքաւորներուն» գրած է Կարդինալ Փարոլին,  ու հեռագիրը աւարտած է  հաստատելով թէ «Նորին Սրբութիւնը համայն Նեփալի ժողովուրդին վրայ կը հայցէ  մխիթարութեան, քաջութեան ու ապաքինումի աստուածային օրհնութիւններ »։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2019, 10:50