Արեւելքի Քրիստոնեաներ Արեւելքի Քրիստոնեաներ 

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նոր կայքէջը։

«Եղբայրսիրութիւն եւ Աւետարանութիւն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 30 Մարտէն  սկսեալ  Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը ունեցաւ իր նոր կայքէջը www.orientchurch.va, որ մօտ օրէն պիտի հրապարակուի նաեւ Անգլերէն լեզուով։

Ունկնդրէ լուրը

Սոյն կայքէջին նպատակն է՝  յայտնի դարձնել  մէկ դարէ ի վեր, Քահանայապետերու  հրամանով Ժողովին տրուած  առաքելութիւնն ու հովուական ծառայութիւնը ի նպաստ Քրիստոնեայ արեւելքին։

Կայքէջին մէջ ներկայացուած է Ժողովին ու անոր գործունէութեան պատմութիւնը ինչպէս նաեւ տեղական եկեղեցիներ մատուցած ծառայութեան մանրամասնութիւններ ինչպէս «ՌՈԱՔՕ»ի ՝Արեւելեան Եկեղեցիներու օժանդակութեան գործունէութիւններու հաւաքը, Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքը,  թիկունք ու նպաստ՝  Արեւելեան Քահանայապետական կաճարին ու Հռոմի Արեւելեան Եկեղեցիներու Վարժարաններուն… Յատուկ մէկ բաժին նուիրուած է «Կաթողիկէ Արեւելքին», ու Արեւելքի Եկեղեցիներու տեղեկատուական ծառայութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2019, 10:32