Ճանապարհ Խաչի Ճանապարհ Խաչի 

Այսօրուայ խաչեալները Քոլլոսէումի ճանապարհ խաչիի մտածականներուն մէջ։

Աւագ Ուրբաթ օրուայ Քոլլոսէումի մէջ կատարուելիք ճանապարհ Խաչի արարողութեան 14 կայաններու մտածականներուն մեծ մասը նուիրուած է մարդավաճառութեան հարցին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քրիստոսի եւ կիներու հետ խաչի ճանապարհին վրայ» այս է Քոյր Պոնեթիի ներշնչման նիւթը՝ որուն հիման վրայ ան պատրաստեց 2019-ի Աւագ Ուրբաթ օրուայ Քոլլոսէումի մէջ կատարուելիք  ճանապարհ Խաչի արարողութեան 14 կայաններու մտածականները որոնց մեծ մասը ապա նուիրուած է մարդավաճառութեան հարցին, չարաշահուած կիներու ու գաղթականներուն։  Այս բոլոր Նոր խաչեալներն են որոնք պէտք է արթնցնեն մեր բոլորիս խիղճերը։

Ունկնդրէ լուրը

“Slaves no more” ընկերակցութեան նախագահ կրօնաւորուհին ուզեց այս տարուայ ճանապարհ խաչին քալել բոլոր աղքատներուն, ընկերութենէն բացառուածներուն ու այսօրուայ պատմութեան նոր խաչեալներուն ու մեր անտարբերութեան թիրախներուն հետ միասին։

Առաջին կայանի ընթացքին Քոյր Պոնեթթի խորհրդածելով Պիղատոսի դերակատարութեան մասին կը մատնանշէ անոնց որոնք կարեւոր պատասխանատուութիւններու տէր են, հրաւէր ուղղելով որ անսան աղքատներու ճիչին ու բոլոր այն երիտասարդ կեանքերու ճիչին, որոնք տարբեր կերպերով դատապարտուած են մահուան որ յառաջ կու գայ բացառումի եւ եսասէր քաղաքականութեան յառաջացուցած անտարբերութենէն։

Մինչ Յիսուսին մէջ որ Խաչը կը կրէ քոյր Պոնեթթի կը պատկերացնէ այսօրուայ բոլոր խաչեալները, անտունները, անյոյս երիտասարդները, աշխատազուրկերը, գաղթականները, բացառուած մարդիկն ու տառապանքի մէջ ապրող թշուառները։ Ապա մանուկները որոնք յաճախ հարստահարուած ու նախատուած են իրենց մորթի գոյնի պատճառաւ կամ իրենց ընկերային խաւին պատկանելիութեան համար։ Այս բոլորին դիմաց պէտք է հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին որ կը խօսէր ծառայութեան, ներումի, ու տառապանքի մասին, իր իսկ կեանքով յայտնելով ու բացայայտելով անվերապահ սէրը  հանդէպ մերձաւորին։

Յիսուսին դէպի գողգոթայ տանող ճանապարհին մէջ Քոյր Պոնեթթին կը տեսնէ տարբեր իրադարձութիւններ, որոնց ականատես եղաւ իր առաքելութեան ընթացքին, Մարիամին հետ հանդիպումի մէջ Ան  կը նկատէ բոլոր այն մայրերը որոնք թոյլ տուին որ իրենց երիտասարդ աղջիկները մեկնէին Եւրոպա այն յոյսով որ անոնք կարողանային օգնել իրենց չքաւոր ընտանիքներուն,   մինչ այնտեղ գտան նուաստացում, անարգանք ու նոյնիսկ մահը։ 

Յիսուսին մէջ որ գետին կ՛իյնայ առաջին անգամ, Քոյր Պոնեթթի կը նկատէ մարդկային տկարութեան ու դիւրաբեկութեան դիմաց այսօրուան բազմաթիւ սամարացիները, որոնք սիրով եւ գթութեամբ կը հպին՝ դարմանելու  համար ֆիզիկական եւ բարոյական վէրքերը։ Թէեւ, նկատել կու տայ կրօնաւորուհին, շատ անգամ այլեւս կարողութիւնը չունինք տեսնելու անոնք որոնք կարիքի մէջ են, նայելու վիրաւորուին եւ խոնարհեցած մարդուն. Յաճախ կը պահանջենք մեր իրաւունքներն ու մեր շահերը ու կը մոռնանք աղքատներունն ու յետիններունը։

Ասոր համար հարկաւոր է դիմել Աստուծոյ ու Անորմէ հայցել որ մեզ օգնէ սիրելու եւ լացի, ողբի, տառապանքի եւ ուրիշներու ցաւին դիմաց անզգայ չի մնալու։

Ճանապահ Խաչիի ընթացքին կարելի չէ չտեսնել նաեւ այն բազմաթիւ մանուկները, որոնք աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ չարաշահուած են ու անոնցմէ խլուած է մանկութիւնը ու թիրախ դարձած են մարդավաճառութեան ախտին։

Այս առընչութեամբ Քոյր Էուճենիա Պոնեթթի կոչ կ՛ուղղէ  բոլորին խիղճերուն։ «Բոլորս ալ պարտական ենք լուծում շնորհելու հարցին» կը գրէ Ան, յատուկէն անդրադառնալով կիներու դերակատարութեան ու անոնց քաջութեան մարտահրաւէրին։ Հարկաւոր է գիտնալ գործել, աղքատը, օտարականը ու տարբերը չի նկատել թշնամի, այլ եղբայր մը, քոյր մը որ կարիքը ունի մեր օգնութեան։

Իններորդ կայանի ընթացքին, երբ Յիսուս երրորդ անգամ ըլլալով գետին կ՛իյնայ խաչի ծանրութեան տակ Քոյր Պոնեթթի կը նշմարէ բազմաթիւ այն կիները որոնք ստրուկներու վաճառութեամբ զբաղող խմակներու կողմէ պարտադրուած են ճամբաներու վրայ վաճառելու իրենց մարմինը…. Այս բոլորը արդիւնքն է վաղանցուկ մշակոյթին որ մարդիկը կը նկատէ գործածուելիք ու ապա թափուելիք ապրանք։

«Մարդու կեդրոնականութիւնը, անոր արժանապատուութիւնը ոտնակոխ կ՛ըլլայ» սակայն եւ բարեբախտաբար կան մարդիկ որոնք իրենց կեանքը կը վտանգէն ուրիշ կեանքեր փրկելու համար», կը գրէ Քոյր Պոնեթթի հուսկ վերջին կայանին առընչութեամբ, որ կը տանի գերեզման, ան կը խորհրդածէ  այսօրուայ նոր գերեզմաններուն, ծովերն ու անապատները ուր վերջին հանգիստ կը գտնեն մարդիկ, կիներ եւ մանուկներ, որոնց օգնութեան չի հասանք։ Եւ մինչ կառավարութիւնները կը վիճին, իշխանական կառոյցներու ներքոյ, Սահարան կը կուտակուի մարդոց կմախքներով, որոնք չի դիմացան սովին, ծարաւին ու յօգնութեան ու ծովը կը դառնայ «ջուրերու գերեզման»։

Թող որ Քրիստոսի մահը Ազգերու Ղեկավարներուն ու օրէնսդրական պատասխանատուներուն պարգեւէ շնորհքը գիտակից դառնալու իրենց պարտականութեան՝ ի նպաստ ամէն մէկ մարդ  էակի պաշտպանութեան որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերի համաձայն եւ թող որ Յիսուսին Յարութիւնը ըլլայ յոյսի փարոս մը, փարոս ուրախութեան, նոր կեանքի, եղբայրութեան. ընկալումի եւ ազգերու, կրօններու ու օրէնքներու  միջեւ հաղորդութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/04/2019, 09:36