Որոնել

«Աստուծոյ ծառաներուն ծառային խոնարհ արարքը» «Աստուծոյ ծառաներուն ծառային խոնարհ արարքը» 

«Աստուծոյ ծառաներուն ծառային խոնարհ արարքը»

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անակնկալ զարմանք եւ յուզմունք յառաջացնող ժեստը, ունի աւետարանական բնոյթ
«Աստուծոյ ծառաներուն ծառային խոնարհ արարքը»

 

Անտրէա Թորնիելլի - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անակնկալ զարմանք եւ յուզմունք յառաջացնող ժեստը, Հարաւային Սուտանի քաղաքական ու եկեղեցական Ղեկավարներուն վերապահուած, Վատիկանի մէջ կայացած ու Հարաւային Սուտանի խաղաղութեան նուիրուած Հոգեւոր Կրթութեան աւարտին, ունի աւետարանական բնոյթ։

Ան պատահեցաւ՝ աւագ Հինգշաբթի օրէն մէկ շաբաթ առաջ, երբ համայն եկեղեցիներուն մէջ պիտի կրկնուի մեր՝ Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կատարած ոտնլուայի արարողութիւնը։ Երբ Ան վերջին ընթրիքի աւարտին լուաց իր աշակերտներուն ոտքերը, անոնց ցոյց տալով ծառայութեան ուղին։

Ֆրանչիսկոս Պապ՝ անցեալ օր, Տոմուս Սանթա Մարթայի բնակարանին մէջ, Հարաւային Սուտանի Ղեկավարներէն «որպէս եղբայր» խնդրելէ ետք որ անոնք «մնան խաղաղութեան մէջ», մօտեցաւ Հարաւային Սուտանի նախագահին ու փոխ նախագահներուն եւ ծունկի գալով համբուրեց անոնց ոտքերը։  Զօրեղ պատկեր մը որ կարելի չէ հասկնալ եւ մեկնաբանել եթէ ոչ այդ երկու օր տեւած հոգեւոր կրթութեան օրերը յատկանշող փոխադարձ ներումի մթնոլորտի ներքոյ։ Աղօթքի փորձառութիւն մը ղեկավարներու միջեւ որոնք խաղաղութեան համաձայնութեան մը ստորագրութեան հանդերձ տակաւին կը դժուարին ի գործ դնելու այդ համաձայնութիւնը։

Հաւատացեալներուն համար  խաղաղութիւնը  կը հայցուի Աստուծոյ առջեւ։ Ան կը խնդրուի աղօթքի միջոցաւ։ Այդ օր Սանթա Մարթայի Տան մէջ արտակարգ բան մը պատահած ըլլալու է, որուն բերումով Նորին Սրբութիւնը որպէս «Աստուծոյ ծառաներուն ծառան» կարիքը զգաց ծունկի գալու ու համբուրելու այդ ղեկավարներուն ոտքերը։

Անոնց դիմաց որոնք թոյլ կու տան հաշտութեան ու խաղաղութեան արարքներէն ներգրաւուիլ Աստուծոյ ծառաներուն ծառան վախ չունի խոնարհելու ու Վարդապետին նման հարբուելու անոնց ոտքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2019, 09:26