Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Սուրբ երկրի պահակը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Մարոքի թագաւորին միասնական կոչի մասին:

Երուսաղէմ կը խորհրդանշէ երեք կրօններու քաղաք, իսկ տեղական մակարդակին վրայ կը խորհրդանշէ երկու ժողովուրդներ՝ հրէա եւ պաղեստինցի ժողովուրդները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Երկրի պահակ՝ Հայր ֆրանչեսքօ Փաթոն, Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է ֆրանչիսկոս Պապին եւ Մուհամմետ Զ Թագաւորին, Երուսաղէմը՝ մարդկութեան հասարակաց ժառանգութիւն պահպանելու կոչին, յատկապէս հրեայ, իսլամ եւ քրիստոնեայ միաստուածեան հաւատացեալներուն համար:

Ան նկատել տուած է, որ սոյն կոչով, ֆրանչիսկոս Պապն ու Մարոքի թագաւորը կը վերահաստատեն այն իրողութիւնը, որ երբ կը խօսուի երուսաղեմ քաղաքին մասին պէտք է քաղաքական տեսանկիւնէն անդին երթալ ՝ ըմբռնելու համար Երուսաղէմ քաղաքին արժէքները. քաղաք մը որ կը խորհրդանշէ երեք կրօններ, իսկ տեղական մակարդակին վրայ կը խորհրդանշէ երկու ժողովուրդներ՝ հրէա եւ պաղեստինցի ժողովուրդները :
Սուրբ երկրի Պահակը անդրադարձաւ երուսաղեմ քաղաքի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական իրարանցումներուն, թուելով անոնց գլխաւոր պատճառներէն մին, այն է թէ իւրաքանչիւր ժողովուրդ,  երուսաղեմ քաղաքը կ՝ուզէ ունենալ իրենց մենաշնորհուած քաղաք:
Ան այս առնչութեամբ յորդորեց , որ երուսաղեմ քաղաքը պէտք է մատակարարուի բաժնեկցութեամբ, ընդգծելով Սուրբ Աթոռի կեցուածքը՝ Սուրբ երկրի նկատմամբ , որ զայն կը նկատէ երկու ժողովուրդներուն՝ հրէաներուն եւ պաղեստինցիներու կողմէ բաժնեկցուած քաղաք- ինչպէս նաեւ երեք կրօններուն՝ հրեայ, քրիստոնեայ, իսլամ :
Հայր Փաթթոն ապա անդրադառնալով կարգ մը երկիրներու իրենց դեսպանատուները Երուսաղեմ փոխադրելու հարցին. ակնարկեց

Ֆրանչիկոս Պապին եւ Մարոքի Թագաւորին Երուսաղեմի միասնական կոչին նկատելով, որ ֆրանչիսկոս Պապին համար, սոյն կոչով կարձանագրուի փոքրիկ քայլ մը ՝ իրականացուած ոչ թէ երկու պետութիւններուն կողմէ այլ, Սուրբ Երկրի մէջ տառապող հաւատացելալ եղբայրներուն կողմէ:

Հայր Փաթթոն դիտել տուաւ նաեւ որ Սուրբ երկրի մէջ կը տիրէ իրար հակազդող երկու հոգեվիճակ,  մէկ կողմէ երուսաղեմի մէջ տիրող ճնշումները, միւս կողմէ երեք կրօններուն պատկան հաւատացեալներու ուխտագնացութիւնը սուրբ Երկիր, որոնք բոլորը, ունին միեւնոյն փափաքը,այն է երուսաղէմ այցելել ու հոն աղօթել խաղաղութեան մէջ,  յարգելով մէկը միւսին կրօնները:
Հայր Փաթթոն զրոյցին աւատին, մաղթեց որ ֆրանչիսկոս Պապի ու թագաւորին կոչը բոլոր հաւատացեալներուն կողմէ լաւապէս ընկալուի եւ երուսաղէմ քաղաքը, բաց ու բաժնեկցուած քաղաք դառնայ, մաղթելով նաեւ որ բռնութեան ոճը դադրի եւ որդեգրուի խաղաղութեան լեզու:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2019, 10:52