Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պենետիկտոս ԺԶ Պապը 

Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Պապ «Մանկապղծութեան տագնապը յաղթահարելու համար պէտք է Աստուծոյ վերադառնալ»:

Յօդուածին մէջ Վաստակաւոր Պապը կը հաստատէ թէ ինք , իբրեւ երբեմնի քահանայապետ կ՝ուզէ իր նպաստը բերել այս առաքելութեան, ոչ մէկ անմիջական պատասխանատութիւն ունենալով հանդերձ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 11 ապրիլին, գերմանական պարբերաթերթի մը մէջ լոյս տեսաւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին, կարգ մը կղերականներուն կողմէ գործադրուած մանկապղծութեան ախտը յաղթահարելու մասին ՝ երկար յօդուած մը:

Ունկնդրէ լուրը

Յօդուածին մէջ վաստակաւոր քահանայապետը ակնարկելով անցեալ փետրուարին, անչափահասներուն պաշտպանութեան հայող եպիսկոպոսներուն ժողովին, զայն կը նկատէ մեծ եւ ուժեղ նշան, եկեղեցին դարձեալ վերածելու համար՝ ժողովուրդներուն ճրագի եւ կործանիչ ուժերու դէմ պայքարելու զօրութիւն:
Յօդուածին մէջ Վաստակաւոր Պապը կը հաստատէ թէ ինք , իբրեւ երբեմնի քահանայապետ կ՝ուզէ իր նպաստը բերել այս առաքելութեան, ոչ մէկ անմիջական պատասխանատութիւն ունենալով հանդերձ:

Յօդուածը բաժնուած է երեք մասերու: Երրորդ մասին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ նկատել կու տայ, որ աշխարհին եւ մեզի բոլորիս սպառնացող չարիքի հակաթոյնը կը կայանայ լոկ՝ այն իրողութեան մէջ երբ՝  ամողջութեամբ կ՝ապաւինինք Աստուծոյ: «Աշխարհ մը առանց Աստուծոյ, չի կրնար ըլլալ եթէ ոչ, անիմաստ աշխարհ մը ՝՝ զուրկ բարիքի եւ չարիքի չափանիշերէն, ուր առկայ է լոկ ամենզօրեղին օրէնքը:» Գրած է Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը: Ան ապա եզրափակած է յօդուածը իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Ֆրանչիսկոս Պապին՝ կատարած բոլոր աշխատանքերուն, որոնք աշխարհին ցոյց կու տան,  թէ նոյնիսնկ այսօր , Աստուծոյ լոյսը մարը չէ մտած»

Շնորհակալութիւն Հայր Սուրբ» Գրած է Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2019, 12:43