Գերապայծառ Անճելօ Անճելելլի Գերապայծառ Անճելօ Անճելելլի 

Արժանիթինի մէջ երանելի կը հռչակուին երեք կղերականներ եւ մէկ աշխարական մը:

Չորս նոր երանելիները իրենց երկրաւոր կեանքին մէջ հետապնդած էին միեւնոյն նպատակը ՝ Աստուծոյ ծառայել:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 27 ապրիլ 2019-ին, Արժանթինի Լա Ռիոխա քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ ծագումով Իտալացի , Արժանթինցի եպիսկոպոս, գերապայծառ Էնրիք Անճելելլի ու անոր երեք ընկերները՝ երկու կրօնաւորներ եւ մէկ աշխարական: Երանացման Սուրբ Պատարագի արարողութեան կը նախագահէ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Պեչչուն:
Գերապայծառ էնրիքն ու իր երեք ընկերները՝ Հայր Կապրիէլ Լոնկվիլ, եղբայր Քարլոս Տիոս Մուրիսս եւ աշխարական Վենբսլաօ Փատերնա սպաննուած են 1976-թուականին Արժանթինի մէջ ռազմական բռնապետութեան ժամանակ:
Չորս նոր երանելիները իրենց երկրաւոր կեանքին մէջ հետապնդած էին միեւնոյն նպատակը ՝ որ է ծառայել Աստուծոյ եւ հռչակել Քրիստոսի Աւետարանը ՝մօտիկ կանգնելով ժողովուրդին, յատուկէն աղքատներուն, լքուածներուն, ընկերութեան եզրին գտնուող թշուառներուն:

Գերապայծառ Էնրիք Անճելելլի, միշտ դատապարտած է ընկերային անարդար արարքները ըսելով որ ինք չէ խօսողը այլ Քրիստոսն է որ կը խօսի:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2019, 13:54