Մեքսիքայի սահմանին վրայ գաղթավայր Մեքսիքայի սահմանին վրայ գաղթավայր  

ֆրանչիսկոս Պապին դրամական օգնութիւնը Մեքսիքայի սահմանի գաղթականներուն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 500 հազար տոլար յատկացուցած է Մեքսիքայի գաղթականներուն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կեդրոնական Ամերիկայէն հազարաւոր գաղթականներ ամիսներէ ի վեր կուտակուած են Մեքսիքայի սահմանին վրայ այն յոյսով որ սահմանը բացուի ու կարողանան մուտք գործել Միացեալ նահանգներ։ Անոնք կարիքը ունին ապրելու ամէն տեսակ կենսամիջոցներու, սակայն օգնութիւնները հետզհետէ կը նուազին,  մինչ տեղական Եկեղեցին մեծ յանձնառութեամբ կը ջանայ իր կարողութիւններուն համեմատ հովանաւորել  անոնց կարիքները։

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ 27 ապրիլ 2019-ին, “Սուրբ Պետրոսի գանձանակ” Վատիկանեան Քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկի կայքէջին վրայ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուած է  թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 500 հազար տոլար յատկացուցած է Մեքսիքայի գաղթականներուն օգնութեան համար։

Գումարը պիտի բաժնուի 16 թեմերու եւ Մեքսիքական կրօնական միաբանութիւններու ծրագրած 27 ձեռնարկներու  որոնք պիտի կարողանան շարունակել իրենց գործունէութիւնը ի նպաստ գաղթականներուն անոնց ապահովացնելով բնակարան, կերակուր դեղորայք եւայլն….

Օժանդակութիւններու համար դիմել http://www.obolodisanpietro.va/it/dona.html

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2019, 16:23