Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետ 

Պենետիկտոս ԺԶ ծննդեան 92րդ տարեդարձը եւ երկու քահանայապետութիւնները միացնող «ապաշխարութեան ուղին» ։

Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագիր տնօրէն՝ Անտրէա Թորնիելլի խմբագրականը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ 16 ապրիլ 2019-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետ կը բոլորէ իր ծննդեան 92 տարեդարձը։ Գերմանիոյ Մարքդլ Քաղաքին մէջ 16 ապրիլ 1918-ին  ծնած ԺոզէՖ Ռացինկէր՝ Քահանայապետ ընտրուած է՝ 19 ապրիլ 2005-ին ու 11 փետրուար 2013-ին, նոր դարաշրջանի առաջին քահանայապետն ըլլալով հրաժարած է իր գահէն եւ  28 փետրուար 2013-էն ի վեր կ՛ապրի Վատիկանի Մաթեր Էքլեզիա վանքին մէջ, Վաստակաւոր Քահանայապետի տիտղոսով։

Պենետիկտոս ԺԶ ծննդեան տարեդարձին առթիւ, Վատիկանի Հաղորդակցութեան Բաժանմունքի խմբագիր-տնօրէն՝ Անտրէա Թորնիելլի, հրապարակեց խմբագրական մը որուն մէջ նշեց թէ Վաստակաւոր Քահանայապետի ծննդեան այս 92 տարեդարձը այս տարի յատկանշուած է անցեալ օրերուն մանկպղծութեան հարցին մասին անոր հրատարակած գրութեան շուրջ բանավէճով։

Այդ գրութեան մէջ Պենետիկտոս ԺԶ հարց կու տայ թէ«որո՞նք ենք ոտնձգութիւններու վէրքին արդարից պատասխանները» ու կը գրէ «Չարին հակաթոյնը որ վերջերս կը սպառնայ մեզի ու համայն աշխարհին չի կարող ըլլալ եթէ ոչ մեր Աստուծոյ սիրոյն յանձնուիլը». Ոչ մէկ յոյս կայ մեզմով՝ մարդու ձեռքերով կառուցուած եկեղեցւոյ մը մէջ,  որ կը վստահի իր կարողութիւններուն։ Եթէ պահ մը խոորհինք ընելիքի մասին յստակ է թէ մենք կարիքը չունինք մեզմէ հնարուած նոր եկեղեցիի մը, որովհետեւ մեզմով կառուցուած եկեղեցի մը ոչ մէկ յոյս կարող է ներկայացնել»։

Պենետիկտոս ԺԶի պատասխանը ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին պատասխանը, քրիստոնէական խոր արմատներով պատասխան մըն է, ու այս հասկնալու համար հարկաւոր է կարդալ երկու քահանայապետերու Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղուած ոտնձգութիւններուն հայող երեք նամակները Իռլանդային, Չիլէին ու համայն աշխարհին։

Իռլանդայի հաւատացեալներուն ուղղած իր նամակին մէջ, 2010  մարտին, Ռացինկեր Քահանայապետը կը գրէ « իւրաքանչիւր յանցագործութեամբ  պատշաճ կերպով  զբաղելու միջոցները անհրաժեշտ են, սակայն միայնակ բաւարար չեն. Կարիքը կայ նոր տեսութեան մը, ներշնչելու համար ժամանակակից ու ապագայի սերունդը՝ որպէս գանձ պահելու մեր միասնական հաւատքի պարգեւը»։

Քահանայապետը ապա բոլորին հրաւէր կ՛ուղղէր ուրբաթօրեայ մահացուցումը մէկ տարուայ տեւողութեամբ նուիրելու այդ դիտաւորութեան։« Ձեզմէ կը խնդրեմ որ ձեր ծոմը, ձեր աղօթքը ու Սուրբ Գրային ընթերցումներն ու ողորմութեան ներգործութիւնը նուիրէք՝ ընդունելու համար Իռլանդայի եկեղեցւոյ բուժման ու վերանորոգման շնորհքը։ Ձեզ կը հրաւիրեմ վերագտնելու հաշտութեան խորհուրդը ու միշտ աւելիով դիմելու անոր փոխակերպող շնորհքի ուժին»։

Աղօթք, պաշտամունք, ծոմ ու ապաշխարութիւն։ Եկեղեցին արտաքին թշնամիներ չի մեղադրեր ան գիտակից է թէ ամենամեծ հարուածը կը հասնի ներքին թշնամիներէն ու եկեղեցւոյ մեղքերէն։  Եւ առաջարկուած միջոցը «ապաշխարող» եկեղեցւոյ մը եւ հաւատքի մը էութեան վերագտնումն է։ Եկեղեցի մը որ ինքզինք կը ճանչնայ ներումի ու Բարձրեալին օգնութեան կարոտող։

Ութը տարիներ ետք, 2018-ի Յունիս մէկին  հրապարակուեցաւ Քահանայապետի այլ նամակ մը ուղղուած երկրի մը քրիստոնեաներուն որոնք թիրախ են մանակպղծութեան ձեռնմխելիութիւններուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ Չիլէի հաւատացեալներուն կը գրէ. «Ձեզի դիմել, աղօթքներ հայցել, բարի կամքի արարք մը չէ, ընդհակառակը, ուզեցի այս թեման զետեղել այնտեղ ուր պէտք է զետեղուի… որովհետեւ կանչուած ենք միասին խթանելու եկեղեցական բարեփոխում մը որ ներգրաւուէ մեզ բոլորս»։

Պերկոլիոյ Քահանայապետը եւս կը հաստատէ թէ Եկեղեցին ինքնուրոյն չի կառուցուիր. Եկեղեցին իր վէրքերով չի փորձեր ծածկել կամ թաքուն պահել իր չարիքը, ինքզինք կատարել չի նկատեր, ան ինքզինք որպէս կեդրոն չ՛ ընտրէր, այլ կ՛ընտրէ Ան որ միակն է կարող վէրքերը դարմանելու ու այդ մէկը ունի անուն մը. Յիսուս Քրիստոս։

20 օգոստոս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կը հրապարակէ այլ կարեւոր նամակ մը այս անգամ ուղղուած համայն Աստուծոյ Ժողովուրդին։ Այս նամակը եւս կ՛եզրափակուի նոյն ձեւով «ապաշխարութիւն, ու աղօթք մեզ պիտի օգնեն զգայուն դարձնելու մեր աչքերն ու սրտերը ուրիշներու տառապանքին դիմաց ու յաղթահարելու գերակայութեան եւ տիրապետութեան զգացումները որոնք յաճախ այդ չարիքներուն արմատները կը դառնան»։

Անգամ մը եւս Ֆրանչիսկոս կը թելադրէ ապաշխարութեան ճանապարհը,  որ հեռու է որեւէ «յաղթականութիւնէն» ինչպէս նշեց Ծաղկազարդի կիրակի օրը, ու հեռու զօրեղ եւ դերակատար եկեղեցւոյ մը պատկերէն որ կը ջանայ թաքուն պահել իր տկարութիւններն ու իր մեղքերը։ Նոյն առաջարկը որ Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ ըրած էր անոր նախորդը՝ Պենետիկտոս ԺԶ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2019, 08:00