Կանանց միջազգային օր Կանանց միջազգային օր 

8 Մարտ՝ Կիներու միջազգային օր։ Ֆրանչիսկոս Պապն ու կինը։

Աշխարհի մէջ 40 միլիոն տառապեալ անձերուն 71 առ հաիւրը կին է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր աշխարհի մէջ կը յիշատակուի կանանց միջազգային օրը որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր Ժողովի կողմէն պաշտօնապէս որդեգրուած է 1977 թուականին յիշատակելու նպատակով կանանց իրավիճակը ու անոնց պայքարը ի նպաստ իրենց իրաւունքներու ճանաչումին։

Ունկնդրէ լուրը

Աշխարհի մէջ 40 միլիոն տառապեալ անձերուն 71 առ հաիւրը կին է, որոնք յաճախ թիրախ են մարդավաճառութեան եւ արդի ստրկութեան երեւոյթներուն, ընտանիքներու մէջ բռնութիւններուն ու տարբեր այլ անարդարութիւններուն։

Իր Քահանայապետութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ստէպ անդրադարձ կատարած է կնոջ կարեւորութեան մասին, զայն որակելով «ներդաշնակութիւն, բանաստեղծութիւն, գեղեցկութիւն», «Աստուծոյ պարգեւ», կարող «կառուցելու աւելի մարդկային եւ հիւրընկալ ընկերութիւն մը»։ Քահանայապետը նաեւ շեշտած է որ Եկեղեցին եւս կին է՝ ունի մայրական վարուելակերպ եւ իգական զգացողութիւն։

«Կինը այն է որ գեղեցիկ կը դարձնէ աշխարհը որ զայն կը պահպանէ ու կեանքի մէջ կը պահէ։ Անոր կու տայ շնորհք ու նոր կը դարձնէ իրերը, Ան ներառող ողջագուրում է ու նուիրումի քաջութիւն է»#InternationalWomensDay։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ կիներու միջազգային  օրուան առթիւ՝ 8 մարտ 2019-ին  հրապարակած թուիթին մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2019, 13:30