Որոնել

Սուրիոյ մէջ մանուկներ Սուրիոյ մէջ մանուկներ 

Կարդինալ Զենարի Սուրիոյ պատերազմի մասին «Մանուկներն ու կիները ամենէն բարձր գինը վճարողները եղան»:

Սուրիոյ մէջ պատերազմը կը նմանի թաւալող հողակոյտի մը, որ մահ ու սարսափ սերմանելով, հողին տակ առաւ աւելի քան կէս միլիոն մարդիկ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Ոչ մէկը կրնար երեւակայել, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը այսքան տարիներ տեւէր ու այս կէտին հասնիլ: Այս մասին ըսած է, Սուրիոյ մէջ Պապական նուիրակ, Սուրիոյ մէջ երկարաձգուած մարդկային տագնապի ու պատերազմի արհաւիրքին վկայ Կարդինալ Մարիօ Զենարին , Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացին, անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ պատերազմին, 8-րդ տարուան ամբողջացման:

Ունկնդրէ լուրը

«Դժբախտաբար, չկան բառեր արտայայտուելու համար, ես անձամբ, պատերազմի 8 տարիները ապրեցայ եւ այսօր մեզի համար տխուր օր մըն է, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ պատերազմը կը թեւակոխէ 9 –րդ տարին, պատերազմ մը որ յառաջ ընթացաւ անկանխատեսելի ձեւով» ըսաւ ծիրանաւորը աւելցնելով « ոչ մէկը կրնար երեւակայել- որ այս կէտին պիտի հասնէինք, Սուրիոյ մէջ պատերազմը կը նմանի թաւալող հողակոյտի մը, որ մահ ու սարսափ սերմանելով, հողին տակ առաւ աւելի քան կէս միլիոն մարդիկ:

Սուրիոյ մէջ Պապական նուիրակը, ապա դիտել տուաւ որ Սուրիոյ արիւնալի հակամարտութեան առաջին զոհերը եղան մանուկները ապա կիները, ան յիշեց ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի, սուրիոյ պատերազմի մասին 2018 տարուան զեկոյցը, ըստ որուն, միայն 2018 տարուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ սպաննուած են աւելին քան 1106 մանուկներ :

Կարդինալ Զենարի ընդգծեց, որ մանուկներն ու կիները, պատերազմին ամենէն բարձր գինը վճարողները եղան, Ան ապա անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ ներկայ կացութեան, յարեց թէ Սուրիոյ մէջ աղքատութիւնը աճ արձանգրած է, դիտել տալով որ Սուրիոյ ժողովուրդը կը կարծէր թէ ռմբակոծումները դադրելէ ետք, պիտի կարենային իրեն կեանքը խաղաղ օրէն ապրիլ սակայն դժբախտաբար իրականութիւնը այդպէս չեղաւ՝ ծաւալող աղքատութեան ու անգործութեան պատճառաւ» ըսաւ Կարդինալ Զենարին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2019, 10:23