Ֆրանչիսկոս Պապ «Քառասնորդացը հոգիին զարթուցիչն է»:
Պահեցողութեան ժամանակաշրջանը հրաւէր է մեր կեանքին մէջ պահ մը կանգ առնելու՝ էականին ձգտելու համար:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 16 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ անդրադառնալով քառասնորդաց շրջանին, գրեց թէ այդ պահեցողութեան ժամանակաշրջանը, հրաւէր է մեր կեանքին մէջ պահ մը կանգ առնելու ՝ էականին ձգտելու համար, դիտել տալով որ քառասնորդացը հոգիին զարթուցիչն է՝ ծոմ պահելու համար, այն բոլոր աւելորդ բաներէն որ մեր կեանքը կը շեղեն:
«Քառասնորդացը հրաւէր է կանգ առնելու՝ էականին երթալու, ծոմ պահելու աւելորդէն, որ կը շեղէ: Հոգիին համար զարթուցիչ է»: գրեց ֆրանչիսկոս Պապ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
16/03/2019, 13:30