Որոնել

5 Մարտիրոս եպիսկոպոսներուն փաստաթուղթը 5 Մարտիրոս եպիսկոպոսներուն փաստաթուղթը 

Եկեղեցին պիտի ունենայ 9 նոր երանելիներ եւ 5 երանաշնորհներ:

Հրապարակուեցան սուրբերու դատի ժողովին նոր 9 երանելիներուն եւ 5 Աստուծոյ ծառաներու ու աղախիններու հայող հրամանագիրերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 19 մարտին, ֆրանչիսկոս Պապ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբերու դատի ժողովին կառավարիչ Կարդինալ Անճելօ Պեչույին, որուն ընթացքին ծիրանաւորին արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովի նոր 9 երանելիներուն եւ 5 Աստուծոյ ծառաներուն ու աղախիններուն հայող հրամանագիրերը:

Ունկնդրէ լուրը

Ինը նոր երանելիներու շարքին են .

Աստուծոյ Աղախին Մարիա Էմիլիա Ռիքելմ Ի Զայաս, հիմնադրուհին Սուրբ Հաղորդութեան Միսիոնար քոյրերուն միաբանութեան: Ան ծնած է Սպանիոյ Կրանատա քաղաք՝ 5 օգոստոս 1847-ին, եւ վախճանած է 10 դեկտեմբեր 1940-ին: 

Աստուծոյ ծառաներ՝ Վալերիօ Ֆրենթիւ, Վազիլէ Աֆթենի, Ճովաննի Սուչիու, Թիթօ Լիվիօ Շինեզու, Ալեսանտրօ Ռուսու եւ Ճուլիօ Հոսօ եպիսկոպոսները, սպաննուած Ռոմանիոյ մէջ 1950- 1970 թուականներուն պաշտամունքի զանազան վայրերու մէջ, համայնավար վարչակարգի տիրապետութեան ժամանակ:
Աստուծոյ ծառայ հայր Ալֆրետօ Քրեմոնեզի: Ան ծնած է Իտալիոյ Կուէրի քաղաք՝ 16 մայիս 1902-ին ապա սպաննուած իր դաւանած հաւատքին համար Միանմայր քաղաքին մէջ՝ 7 փետրուար 1953-ին:

Նոր երանաշնորհներուն շարքին են .

Աստուծոյ ծառայ Ֆրանչեսքօ Մարիա Տի Ֆրանչիա, Աստուծոյ Աղախիններ՝ Մարիա Հուպեր, Մարիա Թերեզա Քամերա, Մարիա Թերեզա Կապրիելի, Ճովաննա Ֆրանչեսքա Տելլօ Սփիրիթօ Սանթօ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2019, 10:41