Որոնել

Պիոս ԺԲ Քահանայապետը ժողովուրդին մէջ Պիոս ԺԲ Քահանայապետը ժողովուրդին մէջ 

Պիոս ԺԲ Պապի ընտրութեան 80 ամեակ։

Պիոս ԺԲ\ աւազանի անունով Էուճենիօ Փաչելլի եղած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 260րդ Քահանայապետը եւ Վատիկան Պետութեան Բ Պետը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2 մարտ 1939-ին, իր ծննդեան տարեդարձին օրը Սուրբ Պետրոսի յաջորդ կ՛ընտրուէր Էուճենիօ Փաչելլի – Պիոս ԺԲ քահանայապետը։  Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի պատշգամէն անոր ընտրութեան հռչակումը  չորս անգամ կ՛ընդհատուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալներու ծափահարութիւններուն պատճառաւ։

Ունկնդրէ լուրը

Պիոս ԺԲ Պապ, աւազանի անունով Էուճենիօ Փաչելլի, ծնած էր 2 մարտ 1876-ին Հռոմի մէջ։ Ան եղած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 260րդ Քահանայապետը եւ Վատիկան Պետութեան Բ «Պետը», տրուած ըլլալով որ Վատիկան Պետութիւնը իր անկախութիւնը ընդունած էր եւ որպէս Պետութիւն Ճանչցուած էր՝ Պիոս ԺԱ  օրով 1929-ին, Իտալիոյ հանրապետութեան եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ ստորագրուած Լատերանեան Պայմանագիրով։

Պիոս ԺԲ Պապի Քահանայապետութիւնը տեւեց 19 տարի, որոնք յատկանշուեցան Համաշխարհային Բ Պատերազմի սպառնալիքով ու այդ պատերազմէն ետք յոյսի ու խաղաղութեան ձգտումի իղձով։

Ան եղաւ առաջին քահանայապետը որ յայտնուեցաւ հեռուստատեսիլէն։ Ան է որ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին եւ Սիենայի Սրբուհի Կատարինէն հռչակեց Իտալիոյ Պաշտպան Սուրբեր։

Բ Աշխարհամարտի սեմին՝ 24 օգոստոս 1939-ին կոչ ուղղելով ազգերուն ու կառավարիչներուն Պիոս ԺԲ Քահանայապետը այդ շրջանը նկատելով «ծանր պահ մը մարդկային ընտանիքին համար», հրաւիրեց «բանակութեան ու ոչ թէ զէնքի ուժով կիրարկել արդարութիւնը»։

«Ոչ մէկ բան կը կորսուի խաղաղութեամբ, մինչ պատերազմով ամէն բան կը կորսնցնենք։ Թող որ մարդիկ դարձեալ իրար հասկնան։ Թող դարձեալ բանակցին իրար հետ» ըսած էր անխոնջ Քահանայապետը որ ապա հանդիսացաւ հալածուածներու պաշտպան ու տառապողներուն աջակից։

19 Յուլիս 1943-ին, երբ ռումբերու անձրեւը քօղարկեց արեւին լոյսը, Պիոս ԺԲ Քահանայապետը դուրս եկաւ Վատիկանէն՝ Քրիստոսի լոյսը տանելու փլատակներու տակ ու թշուառութեան մէջ ապրող մարդոց, մինչ մեծ ամբոխ մը  համախմբուփցաւ անոր շուրջ, որպէս անվախ հօտ մը՝ իր Հովիւին շուրջ։

Թէեւ պատերազմին թողած հետքերն ու վէրքերը մեծ ազդեցութիւն կը թողուն Քահանայապետին վրայ ան համարձակօրէն   հրաւիրեց «վերակառուցել աշխարհը», մեկնելով եկեղեցական կառոյցէն ու անոր ծանր ու  նուրբ պարտականութիւններէն, որոնք պէտք էին յատկանշուիլ՝ խոհեմ համբերութեամբ, արի հաւատարմութեամբ ու զոհաբերումի հոգիով։

Պիոս ԺԲ մինչեւ կեանքին վերջին օրը վկայեց խաղաղութեան կառուցումին յանձնառումի հրամայականը՝ որուն համար «Եկեղեցւոյ գործունութիւնը ու անոր խաղաղութեան ի նպաստ առաջին սատարը՝ Աւետարանի Հռչակումն էր, որ Քրիստոսի միջոցաւ միակն է կարող երաշխաւորելու իսկական ու մնայուն խաղաղութիւն մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2019, 07:57