Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Լորեթոյի Տիրամօր նուիրուած սրբավայրի մասին տեղեկութիւններ:

Լորեթոյի Տիրամօր Սրբավայրը կաթողիկէ եկեղեցւոյ կարեւորագոյն ուխտագնացութեան վայրերէն մին է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 25 մարտին, ֆրանչիսկոս Պապ ուխտագնացութեամբ մեկնեցաւ Լորեթոյի Սրբավայր, ուր աւանդութեան համաձայն կը գտնուի Մարիամի Սուրբ ընտանիքին բնակարանը:
Լորեթոյի սրբավայրի պատմութիւնը սկիզբ կ՝առնէ 13 –րդ դարուն, 10 դեկտեմբեր 1294-ին, Նազարէթ քաղաքի, Սուրբ Կոյս Մարիամի ընտանիքի բնակարանը, Լորեթօ քաղաք փոխադրումով:

Այս թանկարժէք մասունքի տեղափոխութիւնը տեղի ունեցած է Սուրբ Երկրի մէջ խաչակիրներուն թագաւորութեան անկումէն ետք: Գիտական վերջին պեղումներուն արդիւնքներն ու փաստաթուղթերը կը հաստատեն Սուրբ Բնակարանի հարազատութիւնը:

Լորեթոյի Սրբավայրը դարեր շարունակ եղած է կաթողիկէ աշխարհի կարեւորագոյն ուխտագնացութեան վայրերէն մին:
Սրբավայրը այցելած են աւելի քան 200 սուրբեր եւ երանելիներ ինչպէս նաեւ բազմաթիւ Քահանայապետեր:
Ըստ աւանդութեան, կը պատմուի, թէ 1291-ին, Նազարէթ քաղաքէն խաչակիրներուն վերջնական վտարումէն ետք Տիրամօր քարէ բնակարանը, հրեշտակային խորհուրդով փոխադրուած ապա տեղադրուած է Լորթեթօ քաղաքին մէջ՝ 10 դեկտեմբեր 1294-ին:
Մինչ վերջին կարգ մը փաստաթուղթերու եւ Սուրբ Բնակարանի նկուղին մէջ կատարուած հնագիտական պեղումներու արդիւնքներուն, միշտ առ աւելիով կը հաստատուի այն գաղափարը , թէ Սուրբ Բնակարանի քարերու փոխադրութիւնը կատարուած է նաւու միջոցաւ, մարդկային նախաձեռնութեամբ:

Վերջին 7 դարերուն, 1294 թուականէն սկսեալ, իրար յաջորդող 75 Պապերու շարքին, 50 Քահանայապետեր անձամբ զբաղած են Լորեթոյին Տիրամօր Սրբավայրով: Անոնցմէ նուազագոյն 12 Պապեր ուխտագնացութիւն կատարած են Սրբավայր:

Կղէմէս Պապը , 18 յուլիս 1310ին, յատուկ կոնդակով մը հաստատած է Սուրբ Ընտանիքին բնակարանին հարազատութիւնը :
Անոր յաջորդող պապեր նաեւ մեծ ջերմեռանդութիւն ունեցած են Լորեթոյին Տիրամօր հանդէպ, նամանաւանդ իրենց կեանքի խաւար եւ դժուար պահերուն:
Պիոս Բ եւ Պօղոսը Զ Պապերը, Լորեթոյին Տիրամօր բարեխօսութեան դիմած իրենց ծանր հիւանդութենէն հրաշքով բուժուելու համար:

Քահանայապետերուն շարքին Սրբավայր այցելած են Պենետիկտոս ԺԷ, Մարչելլօ Բ, Գրիգոր ԺԶ, Պօղոս Գ Ֆարնեզէ եւ Պիոս Թ Քահանայապետերը:
Վերջին ժամանակներուն, Լորեթոյի սրբավայր այցելած են Յովհաննէս ԻԳ Պապը՝ 4 հոկտեմբեր 1962-ին: Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը չորս անգամ Առաջին՝ 8 սեպտեմբեր 1979-ին- իսկ վերջինը 5 սեպտեմբեր 2004-ին:
Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Պապը Լորեթոյի սրբավայր այցելած է երկու անգամ: 1-2 սեպտեմբեր 2007-ին: Եւ 4 հոկտեմբեր 2012-ին. Այս վերջինս եղաւ Վաստակաւոր Պապին հրաժարականը ներկայացնելէ առաջ քահանայապետական առաքելական հովուական վերջին ճամբորդութիւնը:
Վաստակաւոր Պապին Լորեթօ սրբավայրին հովուական այցելութիւնը կը զուգադիպէր Յովհաննէս ԻԳ Պապին Մարեմեան Սրբավայրին այցելութեան 50-րդ ամեակին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2019, 09:00