Որոնել

Հայր Հանս Զոլներ Հայր Հանս Զոլներ 

Հայր Զոլներ «կրկնապատկուած են եպիսկոպոսներուն նախաձեռնութիւնները մանուկներու պաշտպանութեան ի շահ:»

Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերուն նախագահները իրենց երկիրները վերադարձին, վերատեսած են սեռային չարաշահումի հարցերու վերաբերող ուղեցոյցը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին, մանուկներու պաշտպանութեան կեդրոնի տնօրէն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի մանուկներուն պաշտպանութեան յատուկ յանձնախումբի անդամ, Հայր Հանս Զոլներ ,Վատիկան նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, անդրադարձած է 21-24 փետրուարին, Վատիկանի մէջ գումարուած անչափահասներու պաշտպանութեան նուիրուած եպիսկոպոսներուն ժողովին եւ անկէ բխած արդիւնքներուն հաստատելով որ, եկեղեցին վճռակամութեամբ յառաջ կ՝ընթանայ մանուկներուն պաշտպանութեան իր յանձնառութեան մէջ :

Ունկնդրէ լուրը

Հայր Զոլներ այս առթիւ նշած է, թէ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասերուն նախագահները իրենց երկիրները վերադարձին, վերատեսած են սեռային չարաշահումի հարցերու վերաբերող ուղեցոյցը, որուն մէջ յանձնարարուած է քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ սերտ համագործակցութիւնը, եւ յաւելեալ վճռակամութիւն եւ հետեւողականութիւն, անչափահասներուն պաշտպանութեան գործընթացէն ներս:

Հայր Հոլներ նշած է նաեւ , թէ սեռային չարաշահումի բողոքարկման եւ այդ չարիքին դէմ պայքարին վերաբերեալ, Վատիկան քաղաքին մէջ որդեգրուած է նոր օրէնք ու ուղեցոյց մը որ կը պարունակէ եպիսկոպոսներուն եւ մեծաւորներուն համար ուղեցոյց մը, թէ ինչպէս պէտք է վերաբերիլ կարգ մը չարաշահումի բողոքի պարագաներուն եւ ինչ փաստաթուղթեր պէտք է պատրաստել եւ որուն պէտք է դիմել:
Հայր Զոլներ անդրադարձաւ նաեւ սեռային չարաշահումի մեղադրանքով Աւստրալիոյ մէջ 6 տարուան համար բանտարկութեան դատապարտուած կարդինալ Փելի լուրին, նկատելով այդ լուրը համայն կաթողիկէ աշխարհին համար վրդովիչ:  Այս առնչութեամբ հայր Զոլներ նշեց նաեւ, թէ պէտք է սպասել երկրորդ ատեանին արդիւնքին, որ պիտի հրապարակուի յառաջիկայ յունիս ամսոյն սկիզբը:

Ինչ կը հայի Լիոն թեմի կարդինալ Պարպարէնի հարցին, Հայր Զոլներ դիտել տուաւ, որ Լիոնի եպիսկոպոսը մեղադրուած է անփութութեան համար եւ ոչ թէ սեռային չարաշահումի յանցանքով, աւելցնելով, որ ամէն պետութիւն իր երկրին օրէնքներով կը հետապնդէ յանցագործութիւնները, կիրարկելով ուժի մէջ գտնուղ օրէնքները:


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2019, 08:53