Սուրի գաթական մանուկներ Լիբանանի մէջ Սուրի գաթական մանուկներ Լիբանանի մէջ 

Պապական նուիրակ Սփիթերի « Օգնել գաղթականներուն, որպէսզի Սուրիա վերադառնան»:

Սուրիան լոկ իր քաղաքացիներուն հայրենիք վերադարձով կը վերականգնի:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լիբանանի մէջ Պապական նուիրակ, գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերի, գնահատելով Լիբանանի՝ Սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու ճիգերը , նկատել տուած է որ գաղթականները այժմ պէտք են իրենց հայրենիքը վերադառնան՝ Սուրիա երկիրը վերականգնելու ի շահ:
Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, գերապայծառ Սփիթերի դիտել տուած է որ Լիբանանի Պետութիւնը մեծ դժուարութիւններ դիմագրաւած է, Սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու համար եւ վկայ հանդիսացած է հիւրասիրութեան մարդկայնականութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Պապական նուիրակը ապա յիշելով, որ Լիբանանի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն իրաքցի եւ սուրիացի գաղթականներ կան, ընդգծած է անոնց խնամակալութեան եւ դպրոցական կրթութեան կարիքը եւ այս ծիրէն ներս ի յայտ դրած է, Սուրբ Աթոռի, Լիբանանի մէջ տեղական եկեղեցւոյ, կաթողիկէ կազմակերպութիւններու, Սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու ի գործ դրած ջանքերը, դիտել տալով որ այդ հաստատութիւնները այժմ յանձնառու են գաղթականներուն իրեն հայրենիքը վերադառնալու գործընթացին, եւ արդէն 130 հազար Սուրիացիներ վերադարձած են իրենց երկիրը:

Գերապայծառ Սփիթերի նշած է նաեւ, որ Եկեղեցի ու Պետութիւն սերտօրէն կը գործակցին Սուրիացի գաղթականներուն օգնելու համար, ընդգծելով որ Սուրիան, լոկ իր քաղաքացիներուն վերադարձով , կարելի է որ վերականգնի:
Ի վերջոյ Գերապայծառ Սփիթերի անդրադառնալով Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեաներուն ներկայութեան, հաստատած է «նոյնինքն մահմետականները կը խնդրեն, որ քրիստոնեաները վերադառնան , որովհետեւ առանց քրիստոնեաներու միջին արեւելքը նոյնը չէ:»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2019, 09:34