Ֆրանչիկսոս Պապ Պանկիի մանկաբուժարանին մէջ - 2015 Ֆրանչիկսոս Պապ Պանկիի մանկաբուժարանին մէջ - 2015 

Կարդինալ Քրայեւսքին Պանկիի մէջ բացումը կը կատարէ Մանուկ Յիսուս բուժարանին։

2015- 2017 -2019 տարիները կը յատկանշեն Ֆրանչիսկոս Պապին ու Պանկիի մանուկներուն միջեւ բարեկամական կապերու պատմութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետի ողորմաբաշխ գրասենեակի վարիչ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեվսքին, մեկնած է Կեդրոնական Ափրիկէ ուր՝ 2 մարտ 2019-ին Պանկիի մէջ բացումը կը կատարէ Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով վերանորոգուած «Մանուկ Յիսուս» մանկաբուժարանին։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետական Ողորմաբաշխին կ՛ընկերանայ Մանուկ Յիսուս Հռոմի մանկաբուժարանի նախագահ Տիկին Մարիելլա Էնոք եւ Վատիկանի Ոստիկանապետ Տիար Տոմենիքօ Ճանի, որ այս վերջին տարիներուն զօրակցութեան զանազան ձեռնարկներ կազմակերպեց ի նպաստ Կեդրոնական Ափրիկէի մանկաբուժարանին,  որոնք աւարտեցան 2016-ին դեկտեմբեր 17-ին Իտալացի հռչակաւոր երգիչ Քլուատիօ Պալիոնիինն Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տուած համերգով։  

2015- 2017 -2019 տարիները կը յատկանշեն  Ֆրանչիսկոս Պապին ու Պանկիի մանուկներուն միջեւ բարեկամական կապերու պատմութիւնը։

29 նոյեմբեր 2015-ին, Կեդրոնական Ափրիկէ կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս ու նախ քան Պանկիի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ բացումը կատարէր «ողորմութեան» նուիրուած արտակարգ Յոբելենական տարւոյն, Սրբազան Պապը՝ այցելած էր Պանկիի մանկաբուժարանը ու այցելութեան աւարտին խոստացած էր «ձեզ պիտի չի մոռնամ»։

Երկու տարիներ ետք 2017-ի Յուլիս 12-ին զետեղուեցաւ նոր բուժարանի առաջին քարը եւ սկիզբ առին վերակառուցման աշխատանքները մինչ այժմ՝ 2019-ի մարտ 2-ին, չորս տարի առաջ սկիզբ առած երազ ծրագիրը դարձաւ իրականութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2019, 11:01