Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին 

Կարդինալ Փարոլինի զրոյցը ֆրանչիսկոս Պապին Մարոք կատարելիք ճամբորդութեան մասին:

ֆրանչիսկոս Պապի Մարոք այցելութիւնը, հանիդպումի եւ յոյսի բնոյթ ունեցող ճամբորդութիւն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 29 մարտին, Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Մարոք Առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Վատիկան Նիւզ- ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, խօսեցաւ Նորին Սրբութեան սոյն ճամբորդութաեն մասին:

Ունկնդրէ լուրը

Ծիրանաւորը նշեց, թէ ֆրանչիսկոս Պապի Մարոք այցելութիւնը, հանիդպումի եւ յոյսի բնոյթ ունեցող ճամբորդութիւն է, որ շարունակութիւն է Արաբական միացեալ թագաւորութիւններ կատարած ճամբորդութեան: Մարոքի ճամբորդութիւնը այլ հանդիպում մըն է, որ ցոյց կու տայ երկխօսութեան եւ համակեցութեան ուղին՝ իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ:
Յոյսի ներշնչումի ճամբորդութիւն, որովհետեւ Սրբազան Հայրը կ՝ուզէ յոյս ներշնչել, որ բացառումի, անտարբերութեան, եսասիրութեան եւ փակումներուն դիմաց , կարելի է միասնաբար ընթանալ, փոխադարձ հանդիպումի միջոցաւ:

Սրբազան Քահանայապետի ճամբորդութեան նպատակներէն մին է նաեւ միջ կրօնական երկխօսութիւնը: Նորին Սրբութիւնը յաճախ յիշած է , որ Աւետարանը հռչակելու համար, հիմնական է այն իրողութիւնը որ բոլորս միեւնոյն Հօր Աստուծոյ արածներն ու զաւակներն ենք եւ ասոր համար է որ բոլոր պէտք է իրար զիրար ճանչնանք որպէս եղբայրներ ու քոյրեր: Եղբայրութիւնը Ֆրանչիոսկոս Պապին սոյն ճամբորութիւնները իրար կապող կարմիր թելն է ըսաւ կարդինալ Փարոլին:
Ան ապա ակնարկեց Մարաքէշ քաղաքին մէջ անցեալ դեկտեմբեր ամսոյն գաղթականներուն վերաբերող միջազգային համաձայնութեան ու այս առնչութեամբ նկատել տուաւ որ գաղթականներուն նկատմամբ եկեղեցւոյ ու պետութիւններուն յանձնարարութիւնը պէտք է իբրեւ հարթակ ունենալ ֆրանչիսկոս Պապի չորս կարեւոր բայերը ՝ընկալել, զարգացնել, պաշտպանել եւ ընդելուզել:

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս պապ Մարոք պիտի երթայ հանդիպելու համար քրիստոնեայ հասարակութեան հետ, զանոնք քաջալերելու, մխիթարելու համար եւ անոնց զգալ տալու որ հաղորդութեան մէջ են Տիեզերական եկեղեցւոյ հետ: ըսաւ Կարդինալ Փարոլին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2019, 15:30