Գաղթականներ չեն միայն Գաղթականներ չեն միայն 

Գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային օր. «Գաղթականներ չեն միայն»։

«Անօթին, ծարաւը, օտարականը, մերկը, հիւանդը ու բանտարկեալը որ մեզ դուռը կը բախէ նոյնինքն Յիսուսն է որ մեզմէ կը խնդրէ որ հանդիպինք իրեն»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Գաղթականներ չեն միայն»  բնաբանն է այս տարուայ Գաղթականներու ու փախստականներու համաշխարհային 105-րդ օրուայ։ Բնաբանը ընտրուած Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ու հրապարակուած՝ Մարդկային համապարփակ զարգացումի ծառայութեան գաղթականներու բաժանմունքին կողմէ։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ կը շեշտուի  թէ Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերուն մէջ՝ ուղղուած ի նպաստ «գաղթականներուն, փախստականներուն, տեղահաններուն ու մարդավաճառութեան զոհերուն» ներառուելու է անոր խոր մտահոգութիւնը՝ նաեւ բոլոր գոյութենական արուարձաններուն մէջ ապրող անձերուն նկատմամբ»։

Անցեալ 15 փետրուարի քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատած էր թէ «անօթին, ծարաւը, օտարականը, մերկը, հիւանդը ու բանտարկեալը որ մեր դուռը կը բախէ նոյնինքն Յիսուսն է որ մեզմէ կը խնդրէ որ հանդիպինք իրեն ու օգնութեան հասնինք անոր»։

Յառաջիկայ 29 սեպտեմբեր 2019-ին նշուելիք գաղթականին ու փախստականին համաշխարհային օրուան պատրաստուելու համար, Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան գաղթականներու ու փախստականներու բաժանմունքը կազմակերպած է ամսական շարք մը հանդիպումներ ինչպէս նաեւ «տեղեկատու» գրութիւններ  ու այլ նիւթեր Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրած վերոնշեալ նիւթը աւելիով խորացնելու նպատակով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2019, 09:16