ՄԱԿ-ի պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան Հռոմի կեդրոնատեղին: ՄԱԿ-ի պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան Հռոմի կեդրոնատեղին: 

Գիտաժողով ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ Գիւղատնտեսութեան Հռոմի կեդրոնատեղիին մէջ:

Գիտաժողովը կազմակերպած է ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութիւններուն մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն առաքելութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 28 մարտին, յետմիջօրէին, ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ Գիւղատնտեսութեան Հռոմի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի կ՝ունենայ «բնիկ ժողովուրդները բնութեան պահապան. Ֆրանչիսկոս Պապին -գովեալ ըլլաս- եւ կայուն զարգացման հեռանկարներ» նիւթով գիտաժողով:
Գիտաժողովը կազմակերպած է ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութիւններուն մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն առաքելութիւնը, համագործակցութեամբ Հռոմի մէջ Կաթողիկէ ներշնչումով այլ հաստատութիւններու։
Գիտաժողովին ընթացքին բարձրաստիճան եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն շարքին ելոյթ կ՝ունենան նաեւ Եպիսկոպոսներու սինոդի ընդհանուր քարտուղար, գերապայծառ Լորենցօ Պալտիսերի, ՄԱԿ-ի Պարէնի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան մօտ մնայուն դէտ Գերապայծառ Ֆերնատօ Քիքքա Արելլանօ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2019, 08:48