ԻՏԱՅ Փոթորիկին աւերները ԻՏԱՅ Փոթորիկին աւերները 

Ֆրանչիսկոս Պապին օգնութիւնները Մոզամբիկին, Զիմպապուէյին եւ Մալաուիյին։

Ըստ վերջին տուեալներուն ՒՏԱՅ Փոթորիկին թիրախ են 1.7 միլիոն մարդ, որոնց մեծամասնութիւնը մանուկներ են

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շօշափելի կը դառնան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Մոզամբիկին, Զիմպապուէյին եւ Մալաուիյին տրամադրած օգնութիւնները, երեք Ափրիկեան երկիրներ՝ որոնք անցեալ օրերուն թիրախ դարձան ԻՏԱՅ Փոթորիկին։

Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ չորեքշաբթի՝ 20 մարտին, Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին մօտիկութեան զգացումներ  արտայայտած էր Ափրիկեան այդ տարածաշրջանին, ուր ջրհեղեղը պատճառած էր 300 մերելներ, հազարաւոր վիրաւորներ ու այլ հազարաւոր տեղահաններ։

Մարդկային Համապարփակ զարգացումի բաժանմունքը, ուրբաթ 22 մարտին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ, տեղեկացուց որ Քահանայապետը որոշած է 150 հազար եւրոյի գումար տրամադրել (50 հազար ամէն մէկ երկրի համար),  որպէս տագնապի առաջին փուլի անմիջական օգնութիւն։

Սոյն գումարը, գրուած է վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ, կ՛ուզէ հանդիսանալ անմիջական արտայայտութիւն՝ Քահանայապետին հոգեւոր մօտիկութեան ու հայրական քաջալերանքին, բոլոր անոնց որոնք կը տառապին այդ աղէտէն։

 Գումարը պիտի տրամադրուի ամենածանր վնասներ կրող տարածաշրջաններու բնակչութեան, ու պիտի բաշխուի տեղական Պապական Նուիրակութիւններու համագործակցութեամբ։

«Սոյն օժանդակութիւնը մաս կը կազմէ այն օգնութիւններուն  որոնց համար գործի լուծուած է համայն կաթողիկէ եկեղեցին եւ որոնք կը ներգրաւեն եպիսկոպոսական համահաւաք դասեր եւ բարեսիրական հաստատութիւններ» գրուած է միշտ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի բաժանմունքին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ վերջին տուեալներուն ԻՏԱՅ Փոթորիկին թիրախ են 1.7 միլիոն մարդ, որոնց մեծամասնութիւնը մանուկներ են, կան ապա կառուցուածքային վնասներ,  ի տես տեղատարափ անձրեւներուն որոնք քար ու քանդ ըրին հազարաւոր տուներ եւ հանրային շէնքեր, կործանելով նաեւ ամենակարեւոր ճանապարհային աղեղները։ Իրավիճակը կը մնայ մտահոգիչ, ի տես նաեւ ելեկտրականութեան ու ջուրի պակասին։ Հրատապ է բնակչութեան ապահովել ապաստանարան, կերակուր, ջուր, ու դեղորայք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2019, 09:09