Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր  

Կարդինալ Սանտրիին նամակը Սուրբ Երկրի ի նպաստ դրամահաւաքի առթիւ:

Միջին արեւլքը առանց քրիստոնեաներուն կը դադրի միջին արւելք ըլլալէն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Սանտրի, ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս նամակ մը յղած է աշխարհի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն, Սուրբ Երկրի ի նպաստ, 2019 տարուան, դրամահաւաքի առթիւ:
Նամակին մէջ ծիրանաւորը ընդհանուր ակնարկ կատարելով Սուրբ երկրի մասին դիտել կը մատնանշէ այնտեղ ապրող քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն, «որոնք Քրիստոսի հանդէպ իրենց հաւատքը կը վկայեն՝ Սուրբ Երկրին մէջ» հրաւէր ուղղելով անոնց ցուցաբերելու եղբայրասիրական զօրակցութիւն:

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Սանտրին կ՝անդրադառնայ Միջին արեւելքի ներկայ կացութեան նշելով թէ, այսօր եւս, Միջին արեւելքը ականատես է գործընթացի մը, որ խոցելի կը դարձնէ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները, ստեղծելով անարդարութեան գոյավիճակ մը:«Միջին արեւելքի մէջ խաթարուած է մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն ներկայութիւնը, բան մը որ կը փոխէ տարածաշրջանի դիմագիծը, որովհետեւ առանց քրիստոնեաներուն, միջին արեւելքը կը դադրի միջին արեւելք ըլլալէ»: գրած է ծիրանաւոր աւելցնելով Եկեղեցին անցեալ դարուն կէսէն ի վեր, աճեցուցած է հովուական, ընկերային, բարեսիրական- մշակութային գործունէութիւնները ի նպաստ Սուրբ Երկրին ու թէ Եկեղեցին այս կը կատարէ , որպէսզի Պաղեստինի մէջ քրիստոնեաներուն երկու հազարամեայ ներկայութիւնը կարենայ գոյատեւել եւ ամրապնդուի գործելով այլ հասարակութիւններուն հետ, որոնց հետ պէտք է միասնաբար ապրիլ: 

Արեւելեան եկեղեցիներուն կառավարիչը, ապա անհրաժեշտ կը նկատէ, որ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները իրենց վեհանձնութիւնը ցոյց տան Երուսաղեմի եկեղեցւոյ շնորհելով իրենց աղօթքներուն եղբայրսիրութիւնը, ինչպէս նաեւ իրենց զօրակցութեան շօշափելի նշանը:
Կարդինալ Սանտրի նամակի աւարտին նկատել կու տայ որ վերջին տարիներուն, սուրբ Երկրին մէջ աճ արձանգրած է Չինաստանէ , հնդկաստանէն եւ Ինտոնեզիայէն ուխտաւորներու թիւը զայն նկատելով առաքելական կենսունակութեան մեծ նշան, տեղական հասարակութիւններուն համար:
Ան նամակը կ՛եզրափակէ փոխանցելով ֆրանչիսկոս Պապին երախտագիտութեան ողջոյնները, կրօնաւորներուն, քահանաներուն ու հաւատացեալներուն, որոնք կը գործեն դրամահաւաքի յաջողութեան համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2019, 12:00