Կարդինալ Սանտրի Եգիպտոսի մէջ Կարդինալ Սանտրի Եգիպտոսի մէջ 

Կարդինալ Սանտրին այսօր կ՛աւարտէ Եգիպտոս կատարած հովուական այցելութիւնը։

Կարդինալ Սանտրին Եգիպտոս մեկնած էր որպէս Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 4 Մարտ 2019-ի առաւօտեան Եգիպտոսի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագէն ետք, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին, այցելեց Ղպտի Կաթողիկէներու մանկատուն մը ու անկարներու կեդրոն մը, հուսկ Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարքին ու եպիսկոպոսներուն հետ բաժնեկցելէ ետք եղբայրական ագապը Ան վերադարձ կը կատարէ դէպի Հռոմ։

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Սանտրին Եգիպտոս մեկնած էր որպէս Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ գլխաւորելու  համար Սուրբ Ֆրանչիսկոսի եւ Սուլթան Ալ Մալիքի միջեւ հանդիպման 800 ամեակի տօնակատարութիւնները։

Այցելութեան ծիրէն ներս Ծիրանաւորը՝ կիրակի 3 մարտ 2019-ի առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի Նախագահ Ալ Սիսիի հետ, որուն յանձնեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ անձնական պատգամ մը եւ Ապու Տապիի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամին միջեւ ստորագրուած Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթը։

Կարդինալ Սանտրին նախագահին վստահեցուց որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն կամքն է շարունակել իրենց նպաստը տալ  իրենց երկրի բարգաւաճումին համար, սկսեալ կրօնական, ընկերային, դաստիարակչական ու այլ բարեգործական գործունէութիւններէն որոնք արդեն տարածուած եւ գնահատուած են։

Ալ Սիսի Նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Կարդինալ Սանտրի այցելեց Լատիններու Փոխանորդութիւնը ուր հանդիպեցաւ գերապայծառ Ատել Զաքիին հետ հուսկ վերադարձ կատարեց Առաքելական Նուիրակութիւն՝ ուր կէսօրուան ճաշը կիսեց տեղական կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ։

3 Մարտի յետմիջօրէին Կարդինալ Սանտրին այցելեց Գահիրէի Սուրբ Յովսէփ անուան եկեղեցին ուր ընթերցումը կատարուեցաւ՝Կարդինալ Սանտրիին պատուիրակի նշանակումին Քահանայապետական Կոնդակին որմէ ետք խօսք առաւ Կրցեր Եղբայրներու միաբանութեան աբբահայրը ու Նախագահ Ալ Սիսիին ներկայացուցիչը՝ Գաղթականութեան նախարար Տիկ. Նապիլա Մաքրամ  որ Կարդինալ Սանտրէին խնդրեց որ պատարագը մատուցուի Եգիպտոսի համար, որովհետեւ՝ ըսաւ Ան բոլորս կարիքը ունինք Աստուծոյ օգնութեան։ Նախարարը վստահեցուց նաեւ որ կառավարութեան նպատակն է խթանել կրօնի ազատութիւնը։

Պաշտօնական զեկոյցներէն ետք Կարդինալ Սանտրին գլխաւորեց Համապատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Եգիպտոսի մէջ պապական նուիրակ՝ գերապայծառ Մուզարոն ու այլ եպիսկապոսներ ի ներկայութեան Իտալիոյ Հանրապետութեան դեպանին եւ այլ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Թաուատրոս Պապին ներկայացուցիչներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2019, 11:06