Որոնել

Կարդինալ Տանիլս Կարդինալ Տանիլս 

Ոչ եւս է Պրուքսելի թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Տանիլսը

Կարդինալ Տանիլսը նուիրուածութեամբ ծառայած է ոչ միայն իր թեմին մէջ այլեւ համայն եկեղեցւոյ ու ազգին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 13 մարտին, առաւօտեան, վախճանեցաւ է 85 ամեայ Պրուքսել- Մալինես թեմի  երբեմնի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Կոտֆրէտ Տանիլսը:

Ծիրանաւորին վախճանումով կարդինալական դասը այժմ կը հաշուէ 222 ծիրանաւորներ, որոնցմէ 122 քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող կարդինալներ, մինչ 100 առանց իրաւունքի։

Կարինալ Տանիլսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 22մարտ 2019-ին, Մալնես –Պրուքսել թեմի մայր տաճարին մէջ,  զոր պիտի նախագահէ Պելճիքայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ ու Պրուքսելի թեմի արքեպիսկոպոս, կարդինալ Ժոեկ Տէ Քէսելը:

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը

Կարդինալ Տանիլսի վախճանումին ի լուր, ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցագիրով մը իր տխրութիւնը ու ցաւակցութիւնը յայտնած է Պրուքսելի թեմի արքեպիսկոպոսին , Պելճիքայի եպիսկոպոսներուն, կղերական դասին, հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ կարդինալի մահը ողբացոներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հեռագիրին մէջ անդրադառնալով ծիրանաւորին բեղուն առաքելութեան, գրած է որ Կարդինալ Տանիլսը նուիրուածութեամբ ծառայած է ոչ միայն իր թեմին մէջ այլեւ համայն եկեղեցւոյ ու ազգին, որպէս Պելճիքային եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նախագահ: Ծիրանաւորը անդամ եղած է նաեւ Սուրբ Աթոռի կարգ մը ժողովներուն գրած է Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ Կարդինալ Տանիլսը, եկեղեցւոյ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն ուշադիր ըլլալով, իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ եպիսկոպոսներուն զանազան սինոդներուն, ներառեալ՝ 2014-2015 թուականներուն, ընտանիքի նուիրուած եպիսկոպոսական սինոդին:

Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցագիրին աւարտին, չարին եւ մահուան յաղթած Քրիստոսէն հայցած է, որ հանուցեալ ծիրանորը ընդունի իր խաղաղութեան եւ ուրախութեան մէջ: Ան ապա որէպս սփոփանքի նշան- իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհած է հանգուցեալ ծիրանաւորին հարազատներուն, հոգեւոր հովիւներուն, հաւատացեալներուն եւ բոլոր անոնց որոնք պիտի մասնակցին ծիրաւնորին յուղարկաւորութեան արարողութեան:

Հանցուցեալ ծիրանաւորին հակիրճ կենսագրականը

Կարդինալ Տանիլսը ծնած էր 4 յունիս 1933-ին: Քահանայ ձեռնադրուած էր 1957-ին : 1961-ին Հռոմ Գրիգորեան համալսարանէ վկայուած է Աստուածաբանութեան տոքտոր : Սուրբ Պօղոս Զ պապին օրով եպիսկոպոս անուանուած է Անվերայի թեմին՝ 16 նոյեմբեր 1977-ին:
Սուրբ ՅՊԲ Պապը, Գերապայածառ Տանիլս անուանած էր Պրուքսել - Մալինես թեմի արքեպիսկոպոս ՝21 դեկտեմբեր 1979-ին: Ապա 2 փետրուար 1983-ին, ընտրուած է կարդինալ եւ որպէս կարդինալ մասնակցած է ըլլայ Պենետկիտոս ԺԶ Պապի ըլլայ ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետ ընտրութեան կարդինալական դռնփակ ժողովներուն : Կարդինալ Տանիլսը, ապա տարիքի բերումով՝ 75 տարեկանին հրաժարականը ներկայացուցած է Պրուքեսլի թեմի արքեպիսկոսպոսի պաշտօնէն՝ 4 յունիս 2008-ին:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2019, 09:07