Որոնել

Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսա Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսա 

Քահանայապետական տան քարոզիչին քառասնորդաց շրջանի այս տարուան խորհրդածութեան նիւթը:

Հայր Քաննդալամեսան յորդորեց հրաժարիլ մեր ես-ի կռապաշտութենէն եւ անոր տեղ Աստուած զետեղել, կենդանի Աստուծոյ հետ կապ պահել կարենալու համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 15 մարտին, Ռետմփթորիս Մաթեր մատրան մէջ քահանայապետական տան քարոզիչ, հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսա, կը ներկայացնէ քառասնորդաց շրջանի հինգ խորհրդածութիւններու առաջինը: Ան այս տարուան քառասնորդաց շրջանի խորհրդածութիւններուն նիւթ ընտրած է Սուրբ Օգոստինոսին գրութիւններէն քաղուած «Դուն քեզի վերադարձիր»:

Ունկնդրէ լուրը

«Վատիկան Նիւզ»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, հայր Քանթալամեսսան անդրադարձաւ քառասնորդաց շրջանին խորհրդածութիւններուն նիւթին, նշելով , որ Սուրբ Օգոստինոսի «Դուն քեզի վերադարձիր» խօսքը , հրաւէր ու յորդոր է, ժամանակ ու վայր մը փնտռելու՝ Աստուծոյ հանդիպելու, Տիրոջ խօսքին մտիկ ընելու, ինչպէս նաեւ մենք մեզմէ մերկանալու:
Քահանայապետական տան քարոզիչը զրոյցին ընթացքին ընդգծեց նաեւ- որ Աստուծոյ հետ հանդիպումի գագաթնակէտը կը կայանայ , Աստուած ճանչնալու՝ իր գերագոյն յայտնութեան ՝ Խաչեցեալ Քրիստոսին մէջ, որ պարգեւուած սէր է մինչեւ ամբողջական զոհաբերութիւնը:

Հայր Քանթալամեսա նախ դիտել տուաւ որ քառասնորդաց շրջանի խորհրդածութիւնները, շարունակութիւնն է , սաղմոսարանէն քաղուած «Հոգիս ծարաւն ունի կենդանի Աստուծոյ», յիսնակաց շրջանի մտածականներուն, որ հրաւէր է, Աստուծոյ հետքերուն հետեւելու, ոչ միայն Աստուծոյ գոյութիւնը բացայայտելու այլ Աստուծոյ՝ մեր մէջ կենդանի ներկայութիւնը գիտակցաբար ապրելու:
«Սուրբ Օգոստինոսի – Դուն քեզի վերադարձիր - խօսքը , ի յայտ կը դնէ վայրն ու պայմանը, այդ կենդանի Աստուծոյ հետ կապ պահել կարենալու համար« ըսաւ Քահանայապետական տան քարոզիչը աւելցնելով որ կենդանի Աստուծոյ կը հանդիպինք ոչ միայն սուրբ Հաղորդութեան ու Անոր խօսքին մէջ այլեւ մեր սիրտին ներքեւ:
Եւ ասոր համար Սուրբ Օգոստինոս կ՝ըսէ, եթէ չներթափանցենք մեր մէջ, եթէ չհրաժարինք արտաքինէն եւ հեռու չմնանք աղմուկներէն. պիտի չկարենանք կենդանի Աստուծոյ հանդիպելու: ըսաւ տան քարոզիչը ապա ներկայացուց կարգ մը պատուէրներ . լուռ վայր մը փնտռել՝ Աստուծոյ խօսքին մտիկ ընելու համար. երթալ փոքրիկ մատուռ մը կամ եկեղեցի մը պահ մը ամփոփուելու խզելով մեր հինգ զգայարանքներուն միջոցաւ արտաքինին հետ կապերը, մեր սրտին մէջ Աստուծոյ հետ հանդիպելու համար:

Հայր Քաննդալամեսան ապա յորդորեց հրաժարիլ մեր ես-ի կռապաշտութենէն ու անոր տեղ Աստուած զետեղել՝ կենդանի Աստուծոյ հետ կապ պահել կարենալու համար:

Զրոյցի աւարտին, Քահանայապետական Տան քարոզիչը յայտնեց թէ, քարասնորդաց շրջանին խորհրդածութիւնները պիտի եզրափակէ խօսելով Քրիստոսի խաչին մասին , ուր Աստուած ինքզինք յայտնեց այնպէս ինչպէս որ է ՝այսինքն կատարեալ սէր: ըսաւ ան դիտել տալով Խաչը ունի կեդրոնական տեղ մը : Խաչը գլխաւոր ծառ մըն է տնկուած եկեղեցւոյ նաւակին մէջ, որովհետեւ խաչին միջոցաւ Աստուած կը յայտնուի այնպէս ինչպէս որ է՝ սէր, որ ինքզինք կը պարգեւէ մինչեւ ամբողջական զոհաբերում:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2019, 10:42