Որոնել

Երանելի Անճել Քուարթաս ու ընկերները Երանելի Անճել Քուարթաս ու ընկերները 

Երանելի կը հռչակուին Հայր Քուերթաս ու անոր 8 նորընծայ ընկերները

Սպանիոյ մէջ քաղաքացիկան պատերազմի ժամանակ իրենց հաւատքին համար նահատակուած մարտիրոսներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 9 մարտ 2019-ին, Սպանիոյ Օվիետօ քաղաքի մայր տաճարին մէջ, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը՝ Կարդինալ Անճելօ Պեչչու, նախագահեց Անճել Քուարթասի ու անոր 8 նորընծայ ընկերներուն երանացման Սուրբ Պատարագի արարողութեան
Հայր Անճել Քուարթա ու անոր ընկերները իրենց դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար նահատակուած են՝ Սպանիոյ մէջ, 1936- 1939 տարիներուն քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ:
1934 թուականին, ամառուան արձակուրդներէ ետք, Հայր Անճել ու անոր 8 նորընծայ ընկերները, Օվիտեօ քաղաք վերադառնալու ժամանակ՝ ուր կը գտնուի իրենց դպրեվանքը, «հաւատքի ատելութեան պատճառաւ սպաննուեցան խումբ մը անհաւատներուն կողմէ:
1936 թուականին, Հայր Անճել ու նահատակ նորընծաները, գիտնալով հանդերձ ,որ իրենց դպրեվանքի վայրը՝ Օվիտեօ քաղաքը ծանր բախումներու ենթարկուած էր, վճռեցին դպրեվանք վերադառնալ՝ հաւատարիմ մնալու համար Տիրոջ կոչին: Ու ահա այժմ,  9 մարտ 2019-ին, դպրեվանքի վայրէն, անոնք կը հռչակուին երանելի:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/03/2019, 11:28