Որոնել

Երանելի Մարիանօ Մուլլերաթ Երանելի Մարիանօ Մուլլերաթ 

Սպանիա . Երանելի կը հռչակուի Մարիանօ Մուլլերաթ Ի Սոլտեվիլա:

Երանելի Մարիամօ Սպանիոյ մէջ կրօնական պատերազմին ժամանակ հրապարակաւ օգնութեան կը փութար կարիքաւորներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 23 մարտ 2019-ին, Սպանիոյ Թառակոնա քաղաքի մայր տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ ծառայ Մարիանօ Մուլլերաթ Ի Սոլտեվիլա: Երանացման Սուրբ Պատարագի արարողութեան կը նախագահէ Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ, Կարդինալ Անճելօ Պեչչուն:
Ընտանիքի հայր, Երանելի Մարիանօ, իբրեւ բժիշկ, լրագրող եւ քաղաքապետ, բոլոր ժամանակը տրամադրած է ուրիշներուն կարիքները հոգալու, մանաւանդ քրիստոնեայ եղբայրներունը: 1936 թուականին Սպանիոյ մէջ քրիսոտոնեաներուն դէմ գործադրուած հալածանքի օրերուն, երանելի Մարիանօ, վտանգելով իր կեանքը՝ որովհետեւ Ան բոլորին կողմէ ճանչցուած էր որպէս զօրաւոր հաւատք ունեցող անձ, օգնութեան կը փութար կարիքաւորներուն, առանց վախնալու:
Այս իր հրապարակաւ քրիստոնավայել կեանք ապրելուն համար ընդդիմադիրներու կողմէ կը ճանչցուի, որպէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաշւոյն գործող հանրային վտանգաւոր անհատ : Առ այդ կը կալանաւորուի եւ կը նահատակուի՝ Քրիստոսի թշնամիներուն կողմէ 36 տարեկանին :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2019, 09:51