Ափրիկեցի քրիստոնեաներ Ափրիկեցի քրիստոնեաներ 

Հրապարակուեցաւ 2019-ի Քահանայապետական տարեգիրքը:

7 միլիառ 408 միլիոն բնակչութեան վրայ կաթողիկէները կը հաշուեն 1 միլիառ 313 միլիոն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի վիճակագրութեան կեդրոնական գրասենեակը հրապարակեց  2019 տարուան Քահանայապետական տարեգիրքը եւ 2017 տարուայ վիճակագրական տուեալներու տարեցոյցը։  

Ունկնդրէ լուրը

2019-ի տարեգիրքի տուեալներուն  համաձայն, անցեալ տարի աշխարհի մէջ ստեղծուած են եպիսկոպոսական  նոր 4 աթոռներ, մինչ մէկ թեմ մը դարձած է առաջնորդանիստ աթոռ  ու 4  առաքելական էքզարքութիւններ ու մէկ առաքելական հոգաբարձութիւն վերածուած են թեմերու։

2017 տարուայ վիճակագրական տարեցոյցի տուեալներէն ի յայտ կու գայ որ 7 միլիառ 408 միլիոն բնակչութեան վրայ կաթողիկէները կը հաշուեն 1 միլիառ 313 միլիոն՝ աշխարհի բնակչութեան 17.7 առ հարիւրը, որոնք բաժնուած են հետեւեալ կերպով.  48.5 առ հարիւրը Ամերիկա, 21.8 առ հարիւրը Եւրոպա, 17.8 առ հարիւրը Ափրիկէ, 11.1 առ հարիւրը Ասիա եւ 0.8 առ հարիւրը Ովկիանիա։

Ամենէն շատ  կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը աճած է Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ մինչ Եւրոպայի մէջ կաթողիկէներու թիւը գրեթէ  անփոփոխ մնացած է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2019, 13:06