Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Պամպինօ Ճեզու հիւանդանոց (2015) Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Պամպինօ Ճեզու հիւանդանոց (2015) 

Պամպինօ Ճեզու – Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանը 150 տարեկան:

19 Մարտ 2019-ին, Հռոմի Պամպինօ Ճեզու – Մանուկ Յիսուս անուամբ մանկաբուժարանը կը բոլորէ իր հիմնադրութեան ու գործունէութեան 150 ամեակը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 19 Մարտ 2019-ին, Հռոմի Պամպինօ Ճեզու – Մանուկ Յիսուս անուամբ մանկաբուժարանը կը բոլորէ իր հիմնադրութեան ու գործունէութեան 150 ամեակը որուն առթիւ  առաւօտեան 11-ին Իտալիոյ Նախագահի եւ Վատիկանի Պետքարտուղարի ներկայութեամբ տեղի կ՛ունենայ յատուկ տօնակատարութիւն Հռոմի «Auditorium di San Paolo Fuori le Mura» լսարանին մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Տօնակատարութեան ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց Հիւանդանոցի Նախագահ Մարիելլա Էնօքը, Իտալիոյ առողջապահութեան նախարար Ճուլիա Կրիլլօ, Լացիօ Մարզի նախագահ Նիքոլա Ծինկարեեթթի եւ Հռոմի քաղաքապետը Վիրճինիա Ռաճճի։

Հիւանդանոցը իր տեսակին մէջ Եւրոպայի մեծագոյն բազմաբուժարանը նկատուած է։Հոն կը գործեն 2600 բժիշկներ, հիւանդապահ - հիւանդապահուհիներ եւ գիտաշխատողներ։ 

Բազմաբուժարանը ամէն տարի կը խնամէ աւելի քան մէկ միլիոն մանուկ, որոնցմէ 25 հազարը կ'ենաթարկուի վիրաբուժական գործողութիւններու։ Բազմաբուժարանը ունի 607 անկողին։

Պամպին Ճեզու հիւանդանոցը, որ ընտանիքներէն ճանչցուած է որպէս ''Քահանայապետի հիւանդանոց'', հիմնադրուեցաւ 1869ին որպէս Իտալական մանկաբուժարան։ 1924-ին Արապելլա եւ Շիբիոնէ դուքսերը շէնքը նուիրեցին Ս. Աթոռին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/03/2019, 08:23