Որոնել

Նախագահ Մաթթարելլա եւ Կարդինալ Փարոլին Նախագահ Մաթթարելլա եւ Կարդինալ Փարոլին 

«Պամպինօ Ճեզու»ի 150 ամեակը. «Ապագան մանուկներու պատմութիւն է»

Կարդինալ Փարոլին. «Եկեղեցին պիտի չի դադրի ուշադրութիւն դարձնելէ հիւանդներուն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 19 մարտ 2019-ի առաւօտեան, Հռոմի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Վատիկանի պատկան «Պամպինօ Ճեզու» մանկաբուժարանի 150 ամեակը՝ «Ապագան մանուկներու պատմութիւն է» բնաբանով։

Ունկնդրէ լուրը

Վերնշեալ Տօնակատարութեան ներկայ էին ի մէջ այլոց՝ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահը Սերճօ Մաթթարելլան եւ  Վատիկանի Պետական Քարտուղարը՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը։ Այս վերջինս այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ, բոլոր ներկաներուն փոխանցելով Սրբազան Քահանայապետին օրհնութիւնները, հաստատեց թէ «Եկեղեցին երբեք պիտի չի դադրի ուշադրութիւն դարձնելէ հիւանդներուն, իր սիրոյ հայեացքով ու մարգարէական վարուելակերպով։

Հիւանդները այցելելը, ըսաւ կարդինալ Փարոլին, մարմնական ողորմութեան գործերէն մին է, սիրոյ գործերէն մին, որ պէտք է յատկանշէ քրիստոնեաներու ապրելակերպը։ «Հիւանդ էի եւ այցելեցիք ինծի» Յիսուսին խօսքերը, Եկեղեցին թարգմանած է տարբեր ձեւերով, կառուցելով հիւանդանոցներ ու բուժարաններ, որոնք ժամանակի ընթացքին կրկնապատկուեցան, որպէս Եկեղեցւոյ յատուկ խնամատարութեան նշան՝ հանդէպ մարդ անհատին, ու յատկապէս հանդէպ անոնց որոնք տկար ու դիւրաբեկ են» ըսաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը շեշտը դնելով նաեւ հետազօտական աշխատանքի կարեւորութեան վրայ ու այդ ծիրէն ներս ներդրումներ կատարելու ու գիտական ասպարէզը ծաւալելու անհրաժեշտութեան վրայ, ապագայի մարտահրաւէրներուն պատասխանելունպատակով ։

«Վերջինները պէտք է միշտ պաշտպանել ու հարկաւոր է միշտ աւելիով ցանցեր ստեղծել,  որպէսզի եւ ոչ մէկը խնամքէ զուրկ մնայ» ըսաւ ապա Կարդինալ Փարոլին մէջբերելով  Ֆրանչիսկոս Պապին՝ 2019-ի հիւանդներու համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամէն սոյն հատուածը. «առողջութիւնը յարաբերական է ու կախում ունի ուրիշներու հետ յարաբերութենէն, ան կարիքը ունի վստահութեան, բարեկամութեան եւ զօրակցութեան, ան բարիք մըն է որ կարելի է լիապէս վայելել միայն երբ բաժնեկցուած է»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2019, 09:03