Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող Եպիսկոպոսական Հաւաք Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող Եպիսկոպոսական Հաւաք 

«Տէր ազատէ մեզ մեր հեղինակութիւնը փրկելու փորձութենէն» Ֆրանչիսկոս Պապին 22 Փետրուարի թուիթը

«Օգնէ մեզի մեր վրայ առնելու յանցանքը ու միասին որոնելու հեզ եւ գործնական պատասխաներ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տէր ազատէ մեզ մենք մեզ ու մեր հեղինակութիւնը փրկելու փորձութենէն, օգնէ մեզի մեր վրայ առնելու յանցանքը ու միասին որոնելու հեզ եւ գործնական պատասխաներ համայն Աստուծոյ Ժողովուրդի հետ հաղորդութեան մէջ. #PBC2019»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին աղօթքը զոր հրապարակեց Քահանայապետական Թութըրեան կայքին վրայ՝ 22 փետրուար 2019-ին, Եկեղեցւոյ  մէջ Անչափահասներու Պաշտպանութեան հայող եպիսկոպոսական վեհաժողովին երկրորդ օրուան առթիւ, հայցելով Ամենակալ Աստուծոյ օգնութիւնը որպէսզի ժողովականները անկեղծ սրտով իրենք զիրենք դնեն Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութեան տակ, հրաժարելով ինքնապաշտպանութեան կեցուածքէն ու իրենց վրայ առնելով  մանկապղծութեան ծանր յանցանքը, միասնաբար որոնելու համար այդ հարցին հայող գործնական պատասխաններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2019, 13:00