Որոնել

Բնական աղէտ Բնական աղէտ  

Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է Կպանիփէա քաղաքին մէջ բնական աղէտին ի լուր:

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր յղեց Կպանիփթա թեմի Արքեպիսկոպոսին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լիպերիայի Կպանիբէա քաղաքին մէջ պատահած հողային փլուզումի պատճառած զոհերուն ի լուր, հինգշաբթի, 21 փետրուարին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր յղեց Կպանիփթա թեմի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Անթոնի ֆալլահ Պորվահին որուն մէջ կը նշեց
«Նորին Սրբութիւն ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է, իմանալով Կանիփէա քաղաքին մէջ հողի փլուզումի պատճառած մարդկային կեանքերու կորուստին լուրը: Ան իր անկեղծ զօրակցութիւնը կը յայտնէ սոյն աղէտէն բոլոր տուժուածներուն, ապահովուելով իր աղօթքը իրենց սիրելիներուն մահը ողբացողներուն եւ այդ զոհերուն շտապ օգնութեան հասնողներուն: : ֆրանչիսկոս Պապ Աստուածային ամոքումի եւ զօրութեան օրհնութիւնները կը հայցէ բոլորին համար:»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2019, 10:00