Աւստրալիոյ մէջ ողողումի բնական աղէտ Աւստրալիոյ մէջ ողողումի բնական աղէտ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Աւստրալիոյ մէջ ողողումի բնական աղէտին ի լուր:

ֆրանչիսկոս Պապ իր անկեղծ զօրակցութիւնը եւ աղօթքը կ՝ապահովէ աղէտի թիրախ զոհերուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Աւստրալիոյ Townsville քաղաքի մէջ ողողումի պատճառած զոհերուն ի լուր, չորեքշաբթի, 6 փետրուարին, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ ՝ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցագիր յղեց որուն մէջ նշեց.

«Ֆրանչիսկոս Պապ իմանալով Townsville քաղաքին մէջ ողողումի լուրը, իր անկեղծ զօրակցութիւնը եւ աղօթքը կ՝ապահովէ աղէտի թիրախ զոհերուն: Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած զոհերուն յաւիտենական հանգստեան համար , վիրաւորներուն ամոքումին ինչպէս նաեւ քաղաքի վերականգման աշխատանքներուն համար: Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուծոյ , յոյսի մխիթարանքի արատ օրհնութիւնները կը հայցէ բոլորին վրայ» :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2019, 10:25