Ամազոնեան անտառներ Ամազոնեան անտառներ  

Գիտաժողով՝ ի պատրաստութիւն Ամազոնի համար եպիսկոպոսներուն յատուկ ժողովին:

Գիտաժողովին առաջին օրը քննարկումի նիւթ պիտի ըլլայ հովուական ծառայութեան եւ եկեղեցական կարգ մը երեւոյթներ՝ «Ժողովուրդի ուրախութիւն» առաքելական յորդորագիրին լոյսին ներքոյ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն գումարուելիք «Ամազոնը. նոր ուղիներ՝ Եկեղեցւոյ եւ համապարփակ բնապահպանութեան համար» նիւթով Եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսի յատուկ ժողովին , եպիսկոպոսներուն Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան գրասենեակը կազմակերպած է «Ամազոնի համար դէպի յատուկ սիւնհոդոս . տիեզերական եւ մարզային ծաւալ», խորագիրով գիտաժողով մը , որ տեղի պիտի ունենայ 25-էն 27 փետրուար 2019-ին- M.S. Bambina, համալսարանին մէջ :

Գիտաժողովին առաջին օրը քննարկումի նիւթ պիտի ըլլայ հովուական ծառայութեան եւ եկեղեցական կարգ մը երեւոյթներ՝ «Ժողովուրդի ուրախութիւն» առաքելական յորդորագիրին լոյսին ներքոյ:
Երկրորդ օրը պիտի արծարծուին համապարփակ զարգացման առնչուող հարցեր՝ «Գովեալ ըլլաս» շրաջափերականի հեռանկարով:

Մինչ՝ վերջին օրը, տեղի պիտի ունենայ եզրակացութիւնը՝ գիտաժողովէն բխած հեռանկարներուն եւ պիտի հրապարակուի հաղորդագրութիւն մը սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:
Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ամազոնեան տարածաշրջանին եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու նախագահները ինչպէս նաեւ Ամազոնեան շրջանին կարգ մը մասնագէտներ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2019, 10:58