Սուրբ Աթոռը աշխարհի մէջ ունի «պատգամաւորի դերակատարութիւն»  Սուրբ Աթոռը աշխարհի մէջ ունի «պատգամաւորի դերակատարութիւն»  

«Սուրբ Աթոռի առաջնահերթ մտահոգութիւնը մարդ անհատի պաշտպանութիւնն է» Կարդինալ Փարոլին։

Սուրբ Աթոռը աշխարհի մէջ ունի «պատգամաւորի դերակատարութիւն» որուն կեդրոնը Բարի Լուրի աւետիսն է

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 7 փետրուար 2019-ին,Լատերանեան Դաշնագիրի ստորագրութեան 90 ամեակի առթիւ կազմակերպուած «Սուրբ Աթոռը եւ Վատիկանը միջազգային նոր բանակարգի ներքոյ» համաժողովի ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ. Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փարոլին հաստատեց թէ «ժամանակակից աշխարհի այժմէական  մարտահրաւէրը՝  խաղաղութեան մարտահրաւէրն է»։

«Աշխարհի մը մէջ որ բաժանուած ու լարուածութեան մէջ է, ուր միշտ աւելիով կը պակսի բազմակողմնութեան սկզբունքը, Սուրբ Աթոռը պէտք է շարունակէ իր նպաստը տալ ի նպաստ մարդ անհատի արժանապատուութեան պաշտպանութեան եւ որպէսզի կառուցուին խաղաղ ընկերութիւններ ու ազգեր» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին ընդգծելով որ Սուրբ Աթոռը աշխարհի մէջ ունի «պատգամաւորի դերակատարութիւն»  որուն կեդրոնը Բարի Լուրի աւետիսն է եւ որ կը բացայայտուի մարդու իրաւունքներու խթանման միջոցաւ ու այս կը նշանակէ մշտապէս երկխօսութեան մէջ ըլլալ Պետութիւններու հետ ու մարդկութեան ապահովեցնել արժանավայել ապագայ  մը՝ Սուրբ Աթոռի չէզոք դիրքին միջոցաւ որ կը սատարէ կողմերու միջեւ կերտելու կառուցողական երկխօսութիւն մը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2019, 09:43