Որոնել

Հոգեւոր Կրթութիւն Հոգեւոր Կրթութիւն 

Հռոմի Քուրիայի քառասնորդացի հոգեւոր կրթութիւնը 10-15 մարտ 2019-ին:

Հոգեւոր կրթութիւնը կը քարոզէ - Սուրբ Մինաս» պենետիկտեան աբբայարանի աբբահայրը Հայր Պերնարտօ Ֆրանչեսքօ Մարիա Ճաննին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 10-15 Մարտ 2019-ին, ինչպէս ամէն տարի, Հռոմի Քուրիայի անդամներն ու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի մօտակայքը գտնուող Արիչչա Քաղաքին մէջ պիտի հետեւին քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան որ պիտի քարոզէ Ֆիրենցէի «Սան Մինաիթօ Ալ Մոնթէ - Սուրբ Մինաս» պենետիկտեան աբբայարանի աբբահայրը Հայր Պերնարտօ Ֆրանչեսքօ Մարիա Ճաննին՝ «Ջերմ ցանկութիւններու քաղաքը. Աշխարհիկ կեանքին մէջ զատկուայ հայեացքներու եւ ժեստերու ի նպաստ» կեդրոնական նիւթին շուրջ։

Հոգեւոր կրթութեան նիստերը սկիզբ կ՛առնեն կիրակի 10 մարտի յետմիջօրէի 4-ին ու կ՛եզրափակուին ուրբաթ՝ 15 մարտի առաւօտեան։ Հոգեւոր կրթութեան օրերու ընթացքին նախատեսուած են ամէն օր երկու խորհրդածութիւններ։ Հոգեւոր կրթութիւնը կը սկսի Սուրբ պատարագի արարողութեամբ ու կ՛աւարտի ժամասացութեամբ ու Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան ծիսական ջերմեռանդութեամբ։

Հոգեւոր կրթութեան օրերու ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ընդհատէ բոլոր պաշտօնական գործունէութիւնները, ներառեալ 13 Մարտի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը որ այս տարի կը զուգադիպի իր Քահանայապետ ընտրութեան վեցերորդ տարեդարձին։ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2019, 08:23