Որոնել

Վատիկանի Ձայնասփիւռի բացումը Վատիկանի Ձայնասփիւռի բացումը 

12 փետրուար 1931 Ռատիօ Վատիկանի ծնունդը։

12 Փետրուար 1931-ի յետմիջօրէի ժամը չորս ու կէսին Իտալիոյ եւ աշխարհի բազմաթիւ վայրերու մէջ մարդիկ հաւաքուած էին հազուագիւտ ռատիօներու շուրջ։
12 փետրուար 1931 Ռատիօ Վատիկանի ծնունդը։

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

12 փետրուար 1931ին, Լատերանեան Դաշնագիրի տարեդարձի յիշատակումէն մէկ օր ետք երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ Պապը բացումը կը կատարէր  «Վատիկանի Ռատիոկայանին», այդ ժամանակուայ արուեստագիտութեան գլուխ գործոցը՝ որ շնորհիւ նոյնինքն ռատիոյի գիւտարար Կուլիելմօ Մարքոնիի Քահանայապետին առջեւ կը բանար աշխարհնի դռները։

Այս տարի Ռատիօ Վատիկանը կը նշէ իր հիմնադրութեան 88րդ ամեակը։ 12 Փետրուար 1931-ի յետմիջօրէի ժամը չորս ու  կէսին Իտալիոյ եւ աշխարհի բազմաթիւ վայրերու մէջ մարդիկ հաւաքուած էին հազուագիւտ ռատիօներու շուրջ, ունկնդրելու համար ռատիոյէն արձակուած Քահանայապետական առաջին պատգամը, մինչ Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի ետին գտնուող՝ Վատիկանի պարտէզներու մէկ բլուրին վրայ, այլ ամբոխ մը համախմբուած էր երկու տարի առաջ կառուցուած աշխատանոց կեդրոնի մը շուրջ ուր՝ մասնագէտներ արդեն գործի լուծուած էին  ու մեքենաները կը պատրաստուէին արձակելու ռատիօ ալիքները։

Ժամը 16.20 փողի երեք հնչիւններ կ՛իմացնեն Պիոս ԺԱ ժամանումը։ Աշխատանոցի մէկ սրահին մէջ զետեղուած էր մեծ խօսափող մը որուն մօտ կանգնած էր 56 ամեայ Կուլիելմօ Մարքոնին որ յուզուած ձայնով կը յայտարարէ որ «Քահանայապետական 20 դարերու վարդապետութեան ուսուցումը, որուն մասին իմացանք փաստաթուղթերու միջոցաւ, այժմ առաջին անգամուան համար կարելի պիտի ըլլայ ունկնդրել նոյնինքն Քահանայապետի ձայնով։ Ժամը 16.49-ին Պիոս ԺԱ որ անձամբ պատրաստած էր ռատիոյէն արձակուելիք առաջին Քահանայապետական պատգամը՝ լատիներէն լեզուով կ՛արտասանէ տիեզերական աղօթք - կոչ մը, ուղղուած արարչութեան, Աստուծոյ, Կաթողիկէներուն,  եկեղեցական նուիրապետութեան, կղերականներուն, միսիոնարներուն, համայն հաւատացեալներուն ու նոյնիսկ անհաւատներուն եւ ըմբոստներուն  ապա աշխարհի կառավարիչներուն, հարուստներուն, աղքատներուն, հարստահարուած ու հալածուածներուն։

Քահանայապետական այդ առաջին պատգամը լսելի եղաւ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու մէջ ու այդ օրէն սկսեալ ռատիօն ծառայեց տարածելու համար Աւետարանը՝ ու Քահանայապետը երկխօսութեան մէջ դնելու աշխարհին հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2019, 09:48