Կարդինալ Օ Մալլէյ Կարդինալ Օ Մալլէյ 

«Մեր ապագան թափանցիկութիւնն է» ըսաւ Կարդինալ Օ Մալլէյ։

«Աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնին մէջ պատահած արարքը հետեւանքներ ունի բոլորիս վրայ»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող» եպիսկոպոսական վեհաժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսներու ընթացքին, Պոսթոնի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Սին Փաթրիք Օ Մալլէյ որ է նաեւ «Անչափահասներու պաշտպանութեան» Քահանայապետական յանձնախումբի նախագահ ու Ինը Կարդինալներու Խորհուրդի անդամ, ուրբաթ 22 փետրուարին իր ելոյթին մէջ հաստատեց թէ  «Մենք միշտ  յանձնառու ենք դատապարտելու եւ  բացայայտելու չարաշահումները. Թափանցիկութիւնը մեր ապագան է, պէտք է ընդունինք մեր մեղքերը ու չի ջանանք զանոնք անհետացնել»։

Ծիրանաւորը ապա յստակօրէն նշեց թէ «քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ համագործակցութիւնը հիմնական է դիմագրաւելու համար մանուկներու ու խոցելի չափահասներու դէմ գործադրուած դաւաճանութիւնը» այս ծիրէն ներս մատնանշելով նաեւ այս օրերուն կայացած Վեհաժողովին զոր նկատեց՝ «հրատապ» որոնելու համար անչափահասներու պաշտպանութեան համար բոլոր միջոցները»։

Քափուչին միաբանութեան անդամ Կարդինալ Օ Մալլէյ աւելցուց նաեւ թէ «աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնին մէջ պատահած արարքը հետեւանքներ ունի բոլորիս վրայ» եւ ասոր համար «պէտք է օգնենք ու թիկունք կանգնինք մէկը միւսին Եկեղեցին դարձնելու բոլորին համար ապահով վայր մը ու յատկապէս մանուկներուն համար»։

Այս ուղղութեամբ Կարդինալ Օ Մալլէյի խօսքերուն  արձագանգեց նաեւ Մալթայի Արքեպիսկոպոսը որ հաստատեց թէ Եկեղեցին «խումբ» մըն է ու ոչ մէկը պէտք է առանձին լքուի դիմագրաւելու համար ճգնաժամային իրավիճակները»։ Մինչ Շիքակոյի Արքեպիսկոպոսը Կարդինալ Պլազ Քուփիքը նշեց թէ այս վեհաժողովէն ետք բոլոր մասնակիցները իրենց թեմերը պիտի վերադառնան բարեփոխուած՝ այն գիտակցութեամբ թէ բոլորս կը ձգտինք գործնական արդիւնքներու, որովհետեւ եպիսկոպոսները իրենց վրայ կը զգան արարքներու պատասխանատուութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2019, 09:00